Շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի վաստակաւոր տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի տնօրէնութեան յոբելենական հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ ձեռնարկը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ աւետարանական քոլեճի փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ իր խօսքին սկիզբը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց խորհրդանշական այն վայրը, ուր մէկտեղուած են` եկեղեցի, դպրոց, համալսարան: Երեք հաստատութիւններ, որոնք մարդ անհատի հոգեկան եւ մտային լիակատար կազմաւորումին հիմնական դարբնոցները կը հանդիսանան: Ան ըսաւ, որ շէնքերը կը դադրին քար ու ապակի ըլլալէ, երբ հոգի կը ստանան: Շէնքերուն ոգեկանութիւն կը հաղորդեն մարդիկ, բայց ո՛չ սովորական մարդիկ, այլ անհատներ, որոնք կրողներն են հոգեկան եւ մտաւոր բարձրագոյն արժէքներու, տեսիլքի, յանձնառութեան եւ նուիրումի: Այն ատեն է, որ շէնքերը կալուածային իրենց սակագինէն վեր ու վեհ` նորովի արժեւորումի կ՛ենթարկուին:

Իր խօսքի աւարտին ան նշեց, որ եթէ այստեղ գտնուելու առիթը անձ մըն է` Հայ աւետարանական քոլեճի յիսուն տարիներու տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, ապա մեզ այստեղ բերած մղիչ ուժերը երախտիքն ու յարգանքն են:

Այնուհետեւ Լեւոն Պապիկեանի եւ Ճորճ Մկրտիչեանի պատրաստութեամբ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը, որ հանգամանօրէն կը ներկայացնէր յոբելեար դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի կեանքն ու գործունէութիւնը եւ անոր մասին եղած վկայութիւնները:

Ելոյթ ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի քառեակը` գեղարուեստական ղեկավար եւ դաշնակ` Կարօ Աւեսեան, ջութակ` Կրին Հայտոսթեան, Մեղրի Պաղտոյեան եւ Արազ Տեմիրճեան: Քառեակը ներկայացուց Ֆ. Շուպերթի «Սերենատ» եւ Տ. Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք» երաժշտական կտորները:

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Ան ըսաւ, որ սփիւռքի յետցեղասպանութեան 100-ամեայ պատմութեան մէջ Լիբանանը կոչուած է  ունենալու առանցքային դեր: Միջին Արեւելքը եւ անոր հիմնաքար Լիբանանը իրենց դրուածքով յաջողած են ըլլալ այս նորաստեղծ եւ պարտադրեալ սփիւռքին բաբախող սիրտը, եւ հո՛ս է, որ ծիլ առած են նոր սփիւռքի զանազան կառոյցները, եկեղեցական համակարգը իր երեք յարանուանութիւններով, դպրոցական ցանցերը իրենց հայերէնագիտական շեշտաւորումով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ: Այդ կրթական հաստատութիւններէն մէկն է Քաղաքի Հայ Սքուլը. 1923-ին, հազիւ 1-2 տարուան կեանք ունեցող լիբանանահայ նորաստեղծ գաղութին մէջ հայ աւետարանական համայնքը տեսլականը ունեցած է հիմնելու այս վիթխարի 94-ամեայ կրթական հաստատութիւնը` յետեղեռնեան առաջի՛ն երկրորդական վարժարանը: Ան ըսաւ, որ կարելի չէ պատկերացնել Լիբանանը առանց Քաղաքի Հայ Սքուլին, առանց Քաղաքի Հայ Սքուլի պատրաստած ու ազգին տրամադրած,  քրիստոնէական շունչով մեծցած, ազգային եւ հայրենասիրական գաղափարներով սնանած, լիբանանեան հայրենիքին փարած, ամէնուրեք պատուաբեր բարձունքներ նուաճած, մարդկութեան արժանիքներուն լաւապէս ծառայած բազմահազար աշակերտներուն, որոնք մինչեւ օրս երբ Քաղաքի Հայ Սքուլի իրենց փորձառութիւնները վերյիշեն, անպայման կանգ կ՛առնեն այս հաստատութեան մեծութեան դիմաց, կը խոնարհին իրենց կրթութիւն ջամբած տիտաններու յիշատակին առջեւ:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի ղեկավարութեամբ դպրոցը հասած է եւ տակաւին կը գտնուի ակադեմական պատկառելի մակարդակի վրայ:  Տնօրէնը մղում տուած է ծառայելու հայ ազգի ցիրուցան բազում մասնիկներուն, ի սփիւռս աշխարհի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, եւ իր որոշակի կարողութիւններով կրցած է տարբերութիւնները փոքրացնել եւ շինիչ կամրջում ստեղծել, մեր գոյները պահելով հանդերձ` զանոնք աւելի ներդաշնակել:

Պատգամախօսը ըսաւ. «Պրն. Մսըրլեանի ղեկավարութեամբ մենք այս յարկին տակ վարժուեցանք մենք զմեզ զարգացնել իբրեւ քրիստոնեայ մարդիկ, իբրեւ գեղարուեստը սիրող անհատներ, վարժութիւն զարգացուցինք միշտ պարկեշտ գործ ընելու, թափանցիկ հաշիւներ ներկայացնելու, հաւաքականը անհատականէն վեր սեպելու, հայրենիքը ի՛նչ գոյնի ալ ըլլայ` պաշտելու, ընկերը անձին պէս սիրելու, մարդկային արժէքները երբեք խնդրոյ առարկայ չդարձնելու, տիպար քաղաքացի ըլլալու, եւ ամէնէն կարեւորը` անընդհատ ինքզինք մղելու դէպի աւելի՛ լաւը, դէպի աւելի՛ բարձրը»:

Ան անդրադարձաւ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս դոկտ. Զ. Մսըրլեան դիմակալած է պատերազմի ահեղ փոթորիկը, երբ 1975-ին իր 840 աշակերտ հաշուող նորաշէն դպրոց-կաղնին վերածուած է 100 աշակերտներով կանգուն մնացած, բայց տերեւաթափ ու զինեալ խմբաւորումներով շրջապատուած կառոյցի մը: Ան նշեց նաեւ, թէ Լիբանանի պատերազմի պատճառած արտագաղթին եւ հայութեան Պէյրութի տարբեր շրջաններ տեղափոխութեան իբրեւ հետեւանք դպրոցը տակաւին չէ վերագտած իր նախապատերազմեան ուժականութիւնն ու թիւը, սակայն բոլորին վկայութեամբ ոչինչ փոխուած է անոր մակարդակէն, հմայքէն եւ գործելաոճէն:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ հանգամանքներ եւ հանգանակներ կու գան ամբողջացնելու դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հայ մարդու կերպարը: Այդ հանգամանքները նոյնպէս կ՛երկարին աւելի քան 50 տարիներու վրայ` զուգահեռ մը գծելով տնօրէնի ու կրթական մշակի կոչումի համազօր ասպարէզին հետ, որ մեր այսօրուան նախաձեռնութեան կիզակէտն է:

Բանախօսը իր եւ բազմահազար աշակերտներուն անունով յայտնեց խորին շնորհակալութեան, երախտագիտութեան ու գոհունակութեան զգացումները` ի դիմաց այն ամէնուն, որ Զաւէն Մսըրլեան տուած է բոլորին: Ան խօսքը ուղղելով տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին ըսաւ. «Դուք կերտեցիք մեր նկարագիրի կարեւորագոյն կէտերը, մեզի փոխանցեցիք հիներուն աւանդը, մեզի ջամբեցիք աննման ուսում եւ գիտելիքներ, մեզի սորվեցուցիք կեանքի յաջողութեան գաղտնիքները, մեզի վարժեցուցիք յաջողիլ, իսկ ձախողութեան պարագային` չընկրկիլ ու դարձեալ ոտքի կանգնիլ, մեզի բաժնեկցեցաք ձեր եւ ձեր գործընկերներուն` անշուշտ Աստուծոյ պարգեւած շնորհը: Իբրեւ ձեր աշակերտներէն մէկը, արտօնեցէ՛ք, որ բոլորիս կողմէ անհուն սրտի խօսքով ըսեմ` ցանեցիք, եւ ազգն ու ժողովուրդը հնձեցին, եւ ի՜նչ արդիւնաբեր հանգանակ ներկայի եւ ապագայի»:

Պատգամախօսը նշեց, որ Մսըրլեանի առօրեայ բացը գոցելը դիւրին պիտի չըլլայ, սակայն, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի նուիրուածութիւնը, անցնող քսան տարիներուն Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ իր ներկայութիւնը, իր յաջողելու եւ անսահման տալու տրամադրելիութիւնը, մեր գաղութի եւ համայնքի նեցուկը լաւագոյն գրաւականները պիտի ըլլան, որ Արմէն Իւրնէշլեանը յաջողի այս դժուար, բայց ո՛չ անյաղթահարելի առաջադրանքին մէջ:

Ապա խօսքը կրկին ուղղելով տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանին` Տարօն Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Լաւապէս կը գիտակցինք, որ հանգստեան կոչման ձեր նուաճուած բաժինէն մաս մը արդէ՛ն իսկ առատաձեռնօրէն տրամադրեցիք այս դպրոցի վերջին տասնամեակին, եւ վստահաբար տակաւին պատրաստ էք այլապէս ծառայելու անոր. կը մաղթենք, որ ձեր գալիք տարիները Տիրոջը կամքով ըլլա՛ն բազմատասնեակ, որ ըլլա՛ն առողջ, ըլլա՛ն կեանքով լեցուն, որպէսզի նաեւ դո՛ւք, մեզի հետ, ականատես ըլլաք այս վարժարանի ապագայի նուաճումներուն, որոնց համար դուք այնքա՛ն տքնեցաք եւ տրամադրեցիք առիւծի բաժինը ձեր կեանքի տարիներէն»:

Հայ աւետարանական քոլեճի քառեակը այս անգամ ներկայացուց Ա. Խաչատուրեանի «Գարուն Երեւան» եւ Տ. Շոսթաքովիչի «Վալս թիւ 2» կտորները:

Այնուհետեւ խօսք առաւ յոբելեարը: Ան,  ներկայացնելով իր մուտքը կրթական ասպարէզ,  ըսաւ, որ հոկտեմբեր 1960-ին միացած է Հայ աւետարանական քոլեճի ուսուցչական կազմին: 1961-ին նշանակուած է պատասխանատու` կարգապահական յանձնախումբի ատենապետի հանգամանքով, իսկ 1965 հոկտեմբերէն մինչեւ յունիս 1967 նշանակուած է երկրորդական բաժինի պատասխանատու: Տնօրէնին` Յակոբ Գասպարեանի Միացեալ Նահանգներ մեկնումէն ետք դպրոցի հոգաբարձութիւնը զինք նշանակած է տնօրէն: Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան նշեց, թէ այդ պաշտօնը շարունակած է առ այսօր` ամբողջ 50-ամեակ մը: Տեսած է դպրոցի  նախապատերազմեան լաւ օրերը, երբ աշակերտութեան թուաքանակը հասած է 756 բարձրագոյն թիւին: Տեսած է պատերազմի բռնկիլը, վտանգներով լի օրերը, ապա պատերազմի աւարտը, դպրոցի շարունակութիւնը թէկուզ նուազ թիւով աշակերտներով ու անոր ուսումնական եւ արտադպրոցական գետիններու վրայ արձանագրած շարունակական յաջողութիւնները, հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ անվհատ իր նպատակին սլացումը:

Յոբելեարը ըսաւ, որ հոգեպէս մեծ բաւարարութիւն զգացած է, երբ իր տնօրէնութեան շրջանի կամ ուսուցչական օրերու աշակերտներէն շատեր մեծագումար նուիրատուութիւններով հասած են դպրոցի օժանդակութեան` անոր նեղ օրերուն, եւ կը շարունակեն հասնիլ:

Զ. Մսըրլեան ընդգծեց. «Սկզբնական շրջանի հակառակութիւնները, լիբանանեան պատերազմի վտանգները, շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններով Լիբանանի թէ արտասահմանի մէջ կրթական կամ վարչական գործերու շլացնող առաջարկները չեն շեղած զիս Հայ աւետարանական քոլեճի նկատմամբ ունեցած հաւատարմութենէս»:

Ան յայտնեց նաեւ, որ 1970-ին Հայաստան այցելութեան ընթացքին Օշականի մէջ մեծ ուսուցչապետի` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին վրայ ներքուստ ուխտած է հաւատարիմ մնալ հայ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան նուիրական գործին: Զ. Մսըրլեան ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ ուխտս գործադրեցի, եւ Հայ աւետարանական քոլեճը դարձաւ իմ ընտանիքս: Վայելեցի բոլորին սէրն ու գուրգուրանքը: Ուրախ եմ, որ իմ ձեռամբ մինչեւ 2016 վկայական առին 755 երկրորդականի շրջանաւարտներ եւ 1000-էն աւելի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի ընթացաւարտներ: Հպարտ եմ իմ անցեալի եւ ներկայի աշակերտներով, շրջանաւարտներով, ինչպէս հայր մը` իր զաւակներով»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց երկնաւոր Հօր` Ի ընձեռած լայն բարիքներուն համար, հոգելոյս ծնողներուն` Մկրտիչ եւ Սաթենիկ Մսըրլեաններուն, հանգուցեալ երէց եղբօր` Դաւիթին, որոնք իրենց  ողջութեան քաջալերած են զինք, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց  հանդիսութեան համար Միացեալ Նահանգներէն եկած եղբօր` Հայկին թեւ ու թիկունքին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ հովիւին եւ անոր նախորդներուն, դպրոցի ներկայ ու նախկին հոգաբարձութեան, անցեալի պատասխանատու կրթական մշակներուն եւ ընթացիկ պարոն փոխտնօրէնին, ներկայի եւ անցեալի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ծնողական տիկնանց օժանդակ եւ տիկնանց ընկերային մարմիններուն, հին ու նոր ծնողներուն, անցեալի եւ ներկայի սիրելի աշակերտներուն` իրենց յարգանքին, գործակցութեան եւ վստահութեան համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին, սոյն յոբելենական հանդիսութիւնը կազմակերպած յոբելենական յանձնախումբին, բանախօսին եւ յայտագիրին մէջ բաժին ունեցող իւրաքանչիւր անհատի:

Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ խօսքը արտասանեց վեր. Հրայր Չոլաքեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին, իր պատմութեան սկզբնաւորութենէն ի վեր, եկեղեցական կեանքին անբաժանելիօրէն շաղախուած նկատած է կրթութիւնն ու անոր զանազան արտայայտութիւնները: Ամբողջական կրթութիւնը եւ անոր գլուխ հանդիսացող` Աստուծոյ խօսքին դաստիարակութիւնը, ամէն բանէ առաջ ու աւելի, եղած են ու կը մնան եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

Վեր. Հ. Չոլաքեան ըսաւ, որ բազմաթիւ այլ բաներու կողքին, յոբելեանը աշխատանքին պտուղը վայելելու տարին է. ահա միասնաբար կը վայելենք կէս դարու վրայ երկարող դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի աշխատանքին պտուղները:

Ան դիտել տուաւ, որ աստուածաշնչային ըմբռնումով, յոբելեանը նաեւ տունդարձի տարի է. տունդարձ` բոլոր անոնց, որոնց գործը զիրենք հեռացուցած է իրենց բոյնէն: «Այս հանդիսութեամբ, շատերս, տարբեր տեղեր շրջելէ ետք, կը վերադառնանք մեր մտահոգեւոր ծննդավայրը, մեր երկրորդ տունը: Վերադառնալու կողքին, առիթը ունինք նաեւ վերադարձնելու մեր ստացածէն ու Աստուծոյ օրհնութեամբ բազմացածէն գէթ բաժին մը` իբրեւ խորհրդանիշ մեր երախտագիտութեան», ըսաւ վեր. Հ. Չոլաքեան եւ աւելցուց, որ յոբելեանը առիթ էր վերանորոգման, հողին ու մարդ անհատին ուժին իմաստով: Դոկտ. Մսըրլեանի տնօրէնութեան 50-ամեակը տօնելը նաեւ յոբելեան է նորոգութեան:  Նորոգութիւն հայութեան տեսիլքին ու մարդուժին, բայց մասնաւորապէս` յոբելեարին ներդրումին:

Իր խօսքի աւարտին վերապատուելին ըսաւ. «Յոբելեանը փառաբանութեան ու տօնախմբութեան առիթ է. 50-երորդ տարուան մէջ, մենք քով-քովի կը հաւաքուինք, ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր` տօնախմբութեամբ ու փառաբանութեամբ: Փառաբանութիւն առ Աստուած, իր այս դպրոցին ու եկեղեցիին շնորհած հաւատարիմ ծառային կեանքին ու օրինակելի եւ անխոնջ աշխատանքին համար»:

Այնուհետեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Աստուծոյ` նման տնօրէն շնորհած ըլլալուն համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին` իր հաւատարմութեան համար: Մինչ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան շքանշանով պարգեւատրեց բազմավաստակ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, ներկաներուն յոտնկայս ծափահարութիւնները երկար արձագանգեցին, ապա Հայ աւետարանական քոլեճի ամէնէն երէց եւ ամէնէն փոքր շրջանաւարտները ծաղկեփունջերով շնորհաւորեցին տնօրէնը:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով, այնուհետեւ բոլոր ներկաները իրենց շնորհաւորական խօսքերն ու մաղթանքները ուղղեցին յոբելեարին` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին:

Հանդիսութեան աւարտին, Հայկազեան համալսարանի Հերիթէյճ պարտէզին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին ընթացքին, քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեան յայտարարեց հաստատումը «Զաւէն Մսըրլեան կրթական հիմնադրամ»-ին, որուն եկամուտը պիտի գործածուի դպրոցի կրթական ծրագիրներու արդիականացումին, ինչպիսիք պիտի ըլլան Inquiry based learning դրութեան հաստատումը եւ Հայկական համացանցային համալսարանին (AVC) հետ արդէն հաստատուած համագործակցութիւնը: Այս առիթով կատարուած նուիրատուութիւններով սկսաւ հանգանակութեան ծրագիրը:

«Ասիկա առիթ է առօրեայէն դադար առնելով վերադառնալու, մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու այս կրթօճախին եւ այսօր անոր հայրը հանդիսացող տնօրէնին»:

Վեր. Հ. Չոլաքեան

«Աստուծոյ  շնորհքով այս վարժարանը կը շարունակէ ծառայել այն տեսիլքին ու այն ժողովուրդին, որոնք հայ աւետարանական հոգիէն անբաժանելի կը մնան` կրթել հայ մանուկն ու պատանին` հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ»:

Վեր. Հ. Չոլաքեան

«Սփիւռքեան մեր գաղթօճախներու պատմութեան մէջ Զաւէն Մսըրլեան եղաւ հայ ուսուցիչի եւ հայ տնօրէնի տիտանային դէմքը, կերպարը եւ տիպարը, որուն քայլերուն եւ օրինակին հետեւիլն անգամ պիտի առթէր միանգամա՛յն յաջողութիւն եւ հպարտութիւն»:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան

«Պրն. Մսըրլեանի ղեկավարութեամբ մենք այս գրասեղաններուն վրայ ուղղակիօրէն սորվեցանք հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, յարգանք բոլոր կուսակցութեանց, գաղափարախօսութիւններուն, թէ յարանուանութեանց հանդէպ, եւ մղում ստացանք ծառայելու մեր ազգի ցիրուցան բազում մասնիկներուն` ի սփիւռս աշխարհի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ»:

Տարօն  Տէր Խաչատուրեան

«Քաղաքի Հայ Սքուլի առողջ գոյատեւումն ու զարգացման հեռանկարներու վրայ հիմնուած յաջողութիւնը պիտի ըլլան բարեբաստիկ  չափանիշները Լիբանանի մեր տոկուն, դիմացող, յառաջատար, ազգային հպարտութիւն ներշնչող գաղութին յաւելեալ բարգաւաճման եւ յառաջընթացին»:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան

«Կը խոստանանք միշտ զօրավիգ կանգնիլ Քաղաքի Հայ Սքուլի վերելքին` տրամադրելով մեր անսակարկ նեցուկը, իբրեւ երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւն»:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան

«Կը խոնարհինք ձեր գլխագիր վաստակին առջեւ եւ կը ժամադրուինք, առ Աստուած, միասնաբար տօնելու այս հաստատութեան 100-ամեակը` 2023 թուականին»:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան