Հանրակառքին մէջ ծերունի մը նստած էր՛ ձեռքին մէջ ծաղկեփունջ մը: Հանդիպակաց կողմը դեռատի աղջիկ մը նստած տեղէն անդադար ծաղկեփունջին կը նայէր: Ծեր մարդուն աչքերէն չէին վրիպած պարմանուհիին նայուածքները:
Հանրակառքը քաղաքին արուարձանը հասաւ, ծեր մարդը ոտքի ելաւ իջնելու համար ու չիջած ծաղկեփունջը դրաւ աղջկան ծունկերուն վրայ ըսելով՝ «Նկատեցի որ ծաղիկներ շատ կը սիրես, կը կարծեմ որ կինս ալ գոհ կ՛ըլլայ, որ քեզի տուի իրեն տանելիք ծաղիկներս»:
Աղջիկը անակնկալի եկած, մոռցաւ նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնել, նայեցաւ ծերունիին ետեւէն, որ հանրակառքէն զգուշութեամբ իջնելով, դանդաղ քայլերով ուղղուեցաւ դէպի դիմացի գերեզմանատունը…
***
Ի՞նչ կը կարծէք, ո՞վ աւելի ուրախացաւ, աղջի՞կը, որ ծաղիկներ ստացաւ, թէ՞ ծերունին, որ իր կնոջ գերեզմանին տանելիք ծաղիկները նուիրելով աղջկան ուրախացուց զայն:
Ո՞ր զգացումը աւելի հաճելի է, առնե՞լը, թէ՞ տալը: Ստանալով ուրախանա՞լը, թէ՞ նուիրելով ուրախացնելը: «Ուրախութիւնն անաձնական» ըսած է Մեծարենց, իսկ Թէքէեան՝ «Ինչ որ տուի ուրիշին…»
Յակոբ Միքայէլեան