ԿԵԱՆՔԻ ԴԱՍԵՐ

Ամերիկեան քաղաքի մը աղքատ թաղամասերէն մէկուն մէջ, երկրորդական վարժարանի մը նորանշանակ տնօրէնը, երբ դպրոցի հին արխիւները աչքէ կ՛անցնէ, կը նկատէ որ 25 տարի առաջ, ուսուցիչ մը վիճակագրութիւն պատրաստած է դպրոցի 200 աշակերտներուն մասին, որոնց անուններուն դիմաց գրեթէ նոյնանման եզրակացութիւն մը գրուած է՝ «Կարելի չէ որ ապագային տեղ մը հասնի, յոյս չկայ:»

25 տարի ետք, նորանշանակ տնօրէնի մը աչքին կ՛իյնան ժամանակին կատարուած վիճակագրութիւնները եւ ան իր աշակերտներէն կը խնդրէ, որ երթան ըստ նշուած հասցէներուն տէրերուն եւ հասկնան թէ անոնք այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ են, կամ ուր հասած են:

Ամիս մը տեւած քննութիւններէն, աշակերտները կը վերադառնան իրենց տեղեկագիրներով, որոնք աչքէ անցընելէ եւ ցանկագրելէ ետք, ի յայտ կու գայ, որ այդ աշակերտներէն մօտ քսան հոգի մը կամ մահացած են, կամ երկրէն հեռացած, իսկ մնացեալներուն համար գրուած է, որ անոնք յաջողակ բժիշկներ, փաստաբաններ, գործարարներ, ճարտարապետներ արուեստագէտներ եւ զանազան մասնագիտութեանց տէր եղած են:

Տնօրէնը շատ կը զարմանայ եւ այդ անձերը բոլոր դպրոց կը հրաւիրէ, հասկնալու համար թէ ինչո՞ւ ժամանակին տնօրէն մը «անյոյս« նկատածէ զիրենք, մինչ, ահաւասիկ իրենք շատ փայլուն դիրքերու հասած են:

Բոլորին պատասխանները միեւնոյնը կ՛ըլլան՝ «Մենք մեր ուսուցչուհիին կը պարտինք մեր յաջողութիւնը» կ՛ըսեն: Տնօրէնը կը հասկնայ թէ որուն կ՛ակնարկեն, եւ բանից դուրս կու գայ որ այդ ուսուցչուհին արդէն հանգստեան կոչուած է, սակայն քաղաքին մէջ կ՛ապրի տակաւին: Տնօրէնը դպրոցի ուսուցչուհիներուն հետ միասին ժամադրութեամբ մը կ՛այցելեն նշուած ուսուցչուհին: Երբ կը պատմեն եղելութիւնը եւ հարց կու տայ տնօրէնը, թէ ինչպէ՞ս անյոյս տղաքը այսօր փայլուն դիրքերու հասած են, ի՞նչ է գաղտնիքը: Տարիքոտ ուսուցչուհին կը ժպտի ու կ՛ըսէ՝ «Գաղտնիք չկայ, ես պարզապէս կը սիրէի զիրենք…»

* * *

Սիրով է, որ աշակերտը կը կապուի դաստիարակին եւ դասին, ոչ թէ կշտամբանքով ու «ծոյլ» մակդիրով, զինք ծաղր ու ծանակի ենթարկելով: Որքան աշակերտներ ատած են դասն ու դպրոցը անշնորհք դաստիարակի մը պատճառով, իսկ անդին որքան աշակերտներ բախտաւոր եղած են խելացի, մանկավարժ, տաղանդաւոր ուսուցիչի մը հովանիին տակ, յաջողութիւններու հասնելով:

Ըսուած է չէ՞, որ կարեւորը երգողն է, ոչ թէ երգը: The singer, not the song.

Յ. Մ.