(1869 — 1926)
2019 տարին բեղմնաւոր տարի է, քանի որ ան կը զուգադիպի հայ անուանի անձնաւորութիւններու ծննդեան 150-ամեակին: Արդարեւ, 1869-ի ծնունդ են Մեծն Կոմիտասն ու Յովհաննէս Թումանեանը, Երուանդ Օտեանն ու Լեւոն Շանթը, Գալուստ Կիւլպէնկեանն ու Վարդան Մախոխեանը:
Հայրենիքի մէջ եւ այլուր մեծ շուքով նշուեցան տարեդարձները Թումանեանին ու Կոմիտասին, սակայն Օտեանն ու Շանթը քիչ մը շուքի մէջ մնացին:
Երուանդ Օտեանին մասին ըսուած է «Պարոնեանէն յետոյ կոչուելու «Ծիծաղի համար ծնած մեծագոյն երգիծաբան»:
Արդարեւ երգիծագիր, լեզուաբան, վիպագիր, խմբագիր եւ թարգմանիչ Երուանդ Օտեան, որ ծնած է Պոլիս Սեպտ. 19, 1869-ին, իր երգիծական գրականութեամբ վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն, յատկապէս իր գլուխ գործոցին «Ընկեր Փանջունի»ին պատճառով, երեւակայական տիպար մը, որուն ընդմէջէն Օտեան կը ծաղրէ կեղծ ազգային գործիչները, որոնք մակաբոյծներ են եւ ազգին օգուտ բերելու փոխարէն, կը վնասեն մեր դատին ու պատմութեան:
Օտեանի 1896=ին կը յաջողի փախչիլ Պոլիսէն, խուսափելու համար Համիտեան ջարդերէն: Անցած է Աթէնք, ապա Գահիրէ, Փարիզ, Վիեննա, Լոնտոն, Պոմպէյ:
1908-ի յեղափոխութենէն ետք, ուր, ըստ Օսմանեան սահմանադրութեան «Արդարութիւն, Ազատութիւն եւ Հաւասարութիւն» պիտի տիրէր, վերադարձած է Պոլիս, իսկ 1915-ին աքսորուած է Տէր Զօր: Հրաշքով փրկուած է ջարդերէն: Շրջած է եւրոպական երկիրներ ու վերջապէս հաստատուած է Գահիրէ, ուր կնքած է իր մահկանացուն 1926-ին:
Իր ծանօթ գործերէն են «Յեղափոխութեան Մակաբոյծները», «Ընկեր Փանջունի», «Միջնորդ Տէր Պապան», «Թաղականին Կնիկը», «Ընտանիք, Պատիւ, Բարոյական», «Ապտիւլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմզ», «Թիւ 17 Խաֆիէն», «Չարշըլը Արթին աղա» եւ այլք: Կատարած է թարգմանութիւններ Օտար նշանաւոր գրողներէ:
Յակոբ Միքայէլեան