ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Աշխարհի մէջ ոչ մէկ ժողովուրդ ունի նման տօն մը, սակայն հայերը, թէ՛ հայկական եկեղեցին եւ թէ՛ հայկական կազմակերպութիւններն ու յատկապէս հայկական դպրոցները Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հոկտեմբեր ամսուն, յատուկ շուքով կը յիշատակեն այս տօնը, որ կապուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն անուան:

Արդարեւ, երբ 404-406 թուականին Մաշտոց, Ասդուածային օգնութեամբ  կատարեց գիրերու գիւտը, անմիջապէս իր աշակերտներուն հետ անցաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան, որը օտարները կոչեցին «Թագուհի Թարգմանութեանց», իր այնքան յաջող եւ գեղեցիկ թարգմանութեան ու լեզուին համար:

Առաջին նախադասութիւնը որ թարգմանուեցաւ հետեւեալն էր՝ « Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», որովհետեւ մեր ազգին համար հոգեմտաւոր գանձերն են կարեւորը:

Աստուածաշունչէն ետք թափ առաւ զանազան գործերու թարգմանչական աշխատանքը: Թարգմանչաց տօնով մենք մեր երախտիքը կը յայտնենք Մ. Մաղտոցին, Եղիշէին, Մ. Խորենացիին, Դաւիթ Անյաղթին, Կորիւնին, Եզնիկ Կողբացիին եւ միւսներուն, որոնց շնորհիւ մենք այսօր Հայօրէն կ՛ապրինք, հայ լեզուն կը պահպանենք, որուհետեւ առանց լեզուի ազգ մը դատապարտուած է կորսուելու, ուրիշ ազգերու մէջ ձուլուելով:

Հայ աշակերտը անհրաժեշտ է որ պահպանէ մեր մայրենին մաքուր եւ անաղարտ, փորձէ օտար բառեր չխառնել, փորձէ իր ամէնօրեայ խօսակցական լեզուէն դուրս հանել բարբառային տգեղ եւ մասնաւորաբար թրքաբարոյ բառերը:

Մենք ստիպուած ենք մաքուր պահել մեր ոսկեղենիկ լեզուն, որպէսզի կարենանք զայն փոխանցել մեր յաջորդներուն: