Երկրորդ յոբելեարը Հայր Ղեւոնդ Ալիշանն է: Թէեւ այստեղ «հայր»-ը չեն յիշեր, սակայն անոր անունէն անջատել չ՛ըլլար, քանի որ գիտակցական իր ամբողջ կեանքը անցուցած է որպէս վանական, Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ:

Նախ՝ յակիրճ գաղափար մը այս միաբանութեան մասին:

Մխիթար Սեփաստացի 1700-ին կը հիմնէ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, հայ, կաթոլիկ եկեղեցականներու խումբ մը, նպատակ ունենալով գլխաւորաբար մշակոյթի ճամբով ծառայել Հայ ժողովուրդին: 1713-ին կեդրոնը կը հաստատուին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, ու ահաւասիկ աւելի քան 300 տարիէ ի վեր ան կը գործէ արդարացնելով հիմնադիրին նպատակը, դառնալով հայկական ուսումնասիրութեանց եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մը:

1820-ին Կ. Պոլսոյ մէջ ծնած Քերովբէ Ալիշանեանը իր ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, 12 տարեկանին կ՛երթայ Ս. Ղազար ուր կը շարունակէ իր ուսումը եւ 1838-ին կը դառնայ միաբան վարդապետ Ղեւոնդ Ալիշան անունով: 1849-1851 Խմբագրած է «Բազմավէպ» Հանդէսը, որ ցարդ կը շարունակուի: 1859-1861 տեսուչի պաշտօն կը վարէ Փարիզի Ս. Մուրատեան վարժարաին: 1866-1872 Ուսուցչութիւն կ՛ընէ Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ: Ան իր կեանքի ամբողջ 81 տարիները կը նոուիրէ հայագիտական ուսումնասիրութեանց, դառնալով անուանի միաբան մը, ոչ միայն հայոց մէջ, այլ շատ մը օտար երկիրներու գնահատմամբ:

Եղած է անխոնջ աշխատող, կ՛ըսուի թէ ամբողջ օրը կ՛անցընէր գլուխը կախ իր ձեռագիրներուն վրայ: Օգտագործած է «Նահապետ» Գրչանունը իր գրական գործերուն համար: Եղած է փայլուն բանաստեղծ, պատմագէտ, աշխարհագէտ, առանց Հայաստանը տեսած ըլլալու, մանրամասնօրէն նկարագրած է Հայաստանի աշխարհագրութիւնը: Դժբախտաբար իր գործերը շատերուս համար մատչելի չեն, որոբհետեւ անոնգ գրուած են գրաբարով:

Իր գործերէն յիշենք. Տեղագիր Հայոց Մեծաց, Շիրակ, Սիսուան, Այրարատ, Սիսական, Հայ Վենտ եւ այլն: Իր ծանօթ բանաստեղծութիւններէն է «Պլպուլն աւարայրի» գործը, որ նուիրուած է Աւարայրի ճակատամարտին:

«Ո՞նց գաս իմ լուսնակ, հեզիկ ու հանդարտ,

Համասփիւռ լուսովդ ի լեռ, ձոր եւ արտ,

Եւ ի Նահապետս, որ մտօք մոլար,

Գիշերաժամիկ ժուռ գամ յԱւարայր,

Ուր քաջ ու աննման հարք մեր հայկազուն,

Ընկան զետ հսկայ, կանգնեցան զուարթունք:»…

Եղած է Ֆրանսական Ակադեմիայ պատուաւոր Լէգէոնի դափնեկիր, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Ռուսաստանի ակադեմիաներու պատուաւոր Դոկտոր:

Ըսած է՝ «Ուր որ Հայերէն երգ կը լսուի, հոն Հայրենիքը ողջ է:»

Շեւոնդ Ալիշան կը վախճանի 1901-ին:

Այսպիսի մեծ Երկու եկեղեցականներ իրենց անջնջելի դրոշմը ձգած են մեր պատմութեան փառքի էջերուն վրայ:

* * *

Ընթերցե՛ք նաեւ՝

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ