Արեւմտահայ բանաստեղծ եւ թատերագիր, ծնած է Պոլիս 1828-ին եւ մահացած 1868-ին: Կը նկատուի Արեւմտահայ Զարթօնքի շրջանի առաջին ռահվիրաներէն: Նախակրթութիւնը Պոլսոյ մէջ ստանալէ ետք, ուսանած է Իտալիոյ Մուրատեան վարժարանին մէջ: Վերադարձած է Պոլիս եւ ծաւալած հասարակական գործունէութիւն: Եղած է հիմնադիրը «Համազգեաց» ընկերութեան: Ունեցած է մանկավարժական-հայրենասիրական լայն գործունէութիւն, յատկապէս օտարախօս հայ մանուկներուն հայերէն սորվեցնելով: Գրած է գրաբարախառն հայերէնով:
Իր նշանաւոր «Մահ քաջորդւոյն» բանաստղծութենէն քանի մը տուն կը ներկայացնեմ, որոնք շատ նշանակալից են պատերազմի այս օրերուն:
Յ. Մ.
…
«Կարմիր կայլակք ցայտին վէրքէս,
Սակայն, մա՛յր իմ, նայէ չորս դին,
Զարիւնռուշտ թուրքերն տե՛ս,
Հազարներով փռուած գետին,
Կերաւ զանոնք սուր մեր, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:
Մռնչեցին ինչպէս վիշապ,
Ու մեր վրայ յարձակեցան,
Ո՜վ հայրենիք, ի սուր, ի բոց,
Քու համար մեր սիրտք վառեցան,
Կարմիր ներկան ձորք մեր՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:
Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք,
Զի չէ մեռած հայոց կրակ,
Ու ցնծացին այնչափ զոհեր,
Զի լուծաւ վրէժ յարեան վտակ,
Խնդաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն»…