1914-1990
Լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, գրաքննադատ, մանկավարժ:
Ծնած է 1914-ին Սիվրիհիսարի մէջ (Թուրքիա): Մահացած է Պէյրութի մէջ 1990-ին:
Բուն անունով Մուշեղ Ճենտէրէճեան:
1915-ին ընտանեօք կ՛աքսորուին Տէր Զօր: 1918-ին կը վերադառնան ու 1923-ին կը փոխադրուին Դամասկոս: 1928-ին կ՛աւարտէ Դամասկոսի Ազգ. Վարժարանը:
1928-1930 Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան մէջ կ՛աշակերտէ Յակոբ Օշականին:
1935-ին Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հմնած Պէյրութի ճեմարան: 1938-1940 ին Պելճիքա, Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ կը հետեւի մանկավարժութեան եւ գրականութեան:
1941-1951 կը խմբագրէ Ազդակ օրաթերթը: Ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն: Երեւանի մէջ Թիւ 5 հիմնական դպրոցը կը կոչուի իր անունով:
Իր գրական գործերէն են.
Տուներու երգը – 1936, Հայաստան – 1946, Կեանք ու երազ – 1949
Ոսկի աշուն – 1963, Տառապանք — 1968
Մեռնիլը որքան դժուար է, Սառնարանէն ելած մարդը, Կիլիկիոյ Արքան
Հացի եւ լոյսի համար, Հացի եւ Սիրոյ համար, Մնաս բարով մանկութիւն եւ այլն:
Իր բանաստեղծութիւններէն շատ սիրուած են եւ յաճախ արտասանուած բեմերէն՝
«Հայ մամիկին աղօթքը» եւ «Նամակ Կաղանդ Պապային:»