Ուրբաթ, 26 Ապրիլին, հաճոյքը ունեցանք մեր վարժարանին մէջ ընդունելու Ամերիկահայ մտաւորական, գրող, հրատարակիչ Յովսէփ Նալպանտեանը, որուն հետ տնօրէնուհի Տիկ. Գեղամեան ունեցաւ օգտակար եւ հաճելի զրոյց մը կրթամշակութային հարցերու շուրջ:

Այս առթիւ Պր. Նալպանտեան վարժարանիս գրադարանին նուիրեց շարք մը իր հրատարակած գիրքերէն, որմէ ետք վարժարանի դահլիճին մէջ հաւաքուած աւագ դասարաններու աշակերտութեան առջեւ ելոյթ ունենալով յարգարժան հիւրը, խօսեցաւ գիրքի եւ ընթերցանութեան կարեւորութեան մասին, բաղդատական մը ընելով Համացանցի եւ տպագիր գիրքերուն միջեւ: Բանախօսութեան աւարտին ան պատասխանեց աշակերտութեան կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

Տնօրէնուհի Տիկ. Գեղամեան խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի բանախօսին եւ որպէս յիշատակ ԵՐԵՒԱՆ գիրքէն օրինակ մը նուիրեց հիւրին, որմէ ետք, Պր. Նալպանտեան առիթ ունեցաւ շրջագայելու դպրոցի զանազան բաժինները, իր անվերապահ հիացմունքը արտայայտելով այս շքեղ կառոյցին մասին, դրուատանքի խօսքեր ուղղելով անոր բարերարներուն եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, որուն  հովանաւորութիւնը կը վայելէ մեր վարժարանը:

Առաջարկում ենք կարդալ Արամ Սեպետճեանի արձագանքը Յովսէփ Նալպանտեանի այցի եւ Ավետիսյան կրթահամալիրի գործունեության վերաբերյալ:

Ջերմօրէն կ’ողջունեմ ամերիկահայ մտաւորական ու հրատարակիչ Յովսէփ Նալպանտեանի այցը Երևանի Խորէն և Շուշան Աւետիսեան ինծի շատ սիրելի այս միջնակարգ ՏԻՊԱՐ վարժարան, որ կը գործէ բարձրակարգ տնօրէնութեամբը Տիկին Մելանիա Գեղամեանի, ընդ հովանեաւ Ամերիկահայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան։ Կրթական համալիր մը` որ պատիւ կը բերէ մեր հայրենի ուսումնական համակարգին։ Անձնապէս, 2016ի և 2017ի վերամուտի յաջորդական զոյգ այցելութեամբ հիմնաւորուած իմ հաստատ համոզումս կ’արտայայտեմ այս տողերով։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք հայ մշակոյթի ջահը վառ կը պահեն ի Հայաստան, յԱրցախ և ի սփիւռս աշխարհի։ Ողջ լերուք։