1936 – 2014
Սփիւռքահայ անուանի բանաստեղծուհի: Ծնած է Արժանթինի Գորտովա քաղաքին մէջ 1936-ին: Կրթութիւնը ստացած է Պուէնոս-Այրէսի համալսարանին մէջ, հետեւելով իրաւաբանութեան ճիւղին:
Սկիզբը իր բոլոր բանաստեղծութիւնները գրած է սպաներէնով եւ անգլերէնով: Յետոյ սորված է հայերէն եւ սկսած է հայերէնով ալ ստեղծագործել: Եղած է ԱՄՆ-ի սպանախօս գրողներու միութեան պատուաւոր նախագահ: Ապագային սկսած է հայերէն ալ գրել: Ան ՀՀ ԳԱԱ-ի պատուաւոր դոկտորի կոչում ունի:
Իր բանաստեղծութիւններուն շնորհալի թարգմանութեամբ, զինք Հայրենի ժողովուրդին ծանօթացուցած է բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանը: Իր կարգ մը բանաստեղծութիւնները երգի վերածուած են. օր. «Քո աչերի հետ, ես յաւերժական զրոյց եմ արել, եղել եմ սակայն ուրիշ մաշկը մէջ:»
Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ տիրող թեմաներն են՝ Սէրը, մայրութիւնը, հայրենիքը, բոլորն ալ փիլիսոփայական- խոհական ոճով:
Իր գործերէն յիշենք՝ «Արմատ եւ էութիւն», «Հայաստանեան ապրումներ», «Բանաստեղծութիւններ»: Սպաներէնով հեղինակած իր գիրքերէն մի քանին նկարազարդած է Փիքասոն:
Ալիսիա Կիրակոսեանը քանիցս այցելած է Հայաստան, ուր արժանացած է ջերմ ընդունելութեան:
Մահացած է Լոս Անճելոսի մէջ 2014-ին: