Մայիսի 24-ին, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի կազմակերպութեամբ՝ մեկնարկեց Պոսթոնի Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի աշակերտներու առցանց «շրջայցը» Հայաստան, գլխաւորութեամբ` դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի։

Առաջին օրուան այցը սկսաւ «Մէկերեան կարպետ»-էն, ուր ներկայ էին նաեւ Երեւանի «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» դպրոցի 5-րդ դասարանի աշակերտներն ու անոնց պատմութեան ուսուցչուհի՝ Տիկին Զարուհի Աւետիսեան, մայրենիի ուսուցչուհի՝ Տիկին Վարդուհի Ասատրեան եւ դասղեկ՝ Տիկին Ժանէթ Թահմասեան։ Այցի ընթացքին, ներկայ եւ առցանց միացած երկու դպրոցներու աշակերտները ծանօթացան «Մէկերեանի կարպետ»-ի ստեղծման պատմութեան եւ տեսան գորգի պատրաստման ընթացքը: Այնուհետեւ Աւետիսեան դպրոցի սաները, Պոսթոնի Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի աշակերտները «հիւրընկալեցին» իրենց վարժարան եւ առցանց անոնց ներկայացուցին իրենց շքեղ դպրոցի բաժինները՝ գրադարանը, մարզադահլիճը, տարրալուծարանը, ճաշարանը եւ այլն: Երկու կողմերու աշակերտները իրարու ուղղեցին զիրենք հետաքրքրող հարցեր, արտասանեցին, երգեցին եւ նոյնիսկ պարեցին։

Փոխադարձ շնորհակալական խօսքերէն ետք, Առցանց հանդիպումը աւարտեցաւ՝ հայրենիքի մէջ հանդիպելու եւ ընկերութիւնը ամրապնդելու յոյսով: