ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
1926 – 2015
Արեւմտահայ բանաստեղծ, ուսուցիչ, խմբագիր:
Բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան:
Ծնած է Պոլիս 1926-ին, նախնական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, փոքր տարիքէն կը յաճախէ Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը, որուն ընթացքը կ՛աւարտէ 1945-ին:
Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պոլսոյ համալսարանին մէջ, հետեւելով իրաւագիտութեան եւ գրականութեան ֆաքիւլթէթի փիլիսոփայութեան ճիւղին: Փարիզի մէջ կը հետեւի նաեւ նկարչութեան:
Պոլսոյ մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ Եսայեան վարժարանի եւ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ, որուն զուգահեռ կը կատարէ նաեւ խմբագրական աշխատանքներ:
Զահրատի հետ կը նկատուի պոլսահայ նորարար բանաստեղծ: Պարգեւատրուած է գրական շարք մը մրցանակներով: Իր գրական բերքը եղած է բաւական առատ: Անոնցմէ յիշենք՝
Տօնակարգ, Զբօսապտոյտ, Դիւցազնահանդէս, Ուղիներ, Ազատերգութիւն, Քար Հայաստանի, Մեսրոպատօն, Տօնազանգ, Տօնականչ, Կաթիլներ-կաթիլներ եւ այլն:
Մահկանացուն կնքած է 2015-ին, 89 տարեկանին:
ԿԱՆՉ (Հատուած մը բանաստեղծութենէն)
Երբ խումբով կը շրջէինք
Գեղարդ, Գառնի ու Սեւան
կամ Զուարթնոց, Օշական,
կը կարծէի ձայներ լսել
ճիչեր կանչեր անձկալի
հեռուէ հեռու արձագանգող
աղաղակներ թախծագին
որոնք սակայն
անպատասխան կը մնային
ամէնքն ալ…