1923 – 2012

Սփիւռքահայ բանաստեղծ, թատերագիր, հրապարակագիր

Ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի եւ Մխիթարեան վարժարանի մէջ, իսկ երկրորդականը Հալէպի Լիսէ Ֆրանսէզի մէջ:

Յաճախած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եւ վկայուած 1945-ին:

Փոխադրուած է Լիբանան եւ համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ մասնագիտանալով Անգլերէն գրականութեան մէջ (BA)  եւ մանկավարժութեան մէջ (MA):

Որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն պաշտօնավարած է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն մէջ: Վարած է ԹՄՄ-ի «Շիրակ» գրական ամսագրի խմբագրութիւնը:

Գաղթած է ԱՄՆ, հաստատուած Տիթրոյթի մէջ:

Զբաղած է գրականութեամբ:

Իր գործերէն յիշենք.

Բանաստեղծութիւններ.
«Ջրհեղեղէն յետոյ»
«Մինչեւ ափերը անկարելիին»
«Լեռներ վիհերու մէջ» եւ այլն:

Թատերգութիւններ.

«Սիրոյ ցանցին մէջ
«Զմռսուած երազներ»
«Բանալիներ»
«Արտաւազդի հայրը» եւ այլն:

Հեղինակած է հայերէն լեզուի եւ քերականութեան դասագիրքեր:

Մահացած է Քալիֆորնիոյ մէջ 2012-ին: