Արեւմտահայ ամենասիրուած գրողներէն արձակագիր-գիւղագիր Համաստեղ, բուն անունով Համբարձում Կելէնեան, ծնած է Խարբերդի գիւղերէն Մեզրէի մէջ 1895, Նոյեմբեր 26-ին: Մէկ ուրիշ սիրուած արձակագիր Վահան Թոթովենցիի հայրենակիցն է:

Ան իր գրական ծածկանունը կազմած է իր ընտանիքի անդամներու անուններու սկզբնատառերով: Ոմանք կ՛ըսեն Համբարձում, Աստղիկ, Եղիսաբէթ-էն յառաջացուցած է իր գրչանունը, ուրիշներ կ՛ընեն՝ Համբարձում, Աստուր, Եղիա անուններէն:

Իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք իր գաւառի դպրոցներուն մէջ, 1913-ին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ, ուր ուսումը կը շարունակէ Գոլիւմպիա եւ Հարւարտ համալսարաններուն մէջ:

Գիւղագիր կոչուած է, քանի իր պատմուաքներուն հերոսները իր գիւղի մարդիկն են գիւղական հէնքի վրայ:

Իր գործերէն յիշենք՝ Գիւղը, Անձրեւ, Քաջ Նազար, Հայաստանի լեռներու սրնգահարը (տրամա), Առաջին սէր (Վիպակ) եւ այլ գործեր:

Իր իրապաշտական պատմուածքները կը կարդացուին հաճոյքով ու սիրով:

1966-Նոյեմբեր 26-ին,Լոս Անճելոսի մէջ իր 70-ամեակի յոբելենական հնադիսութեան ընթացքին, բեմին վրայ կ՛իյնայ ու կը մահանայ, ճիշդ իր ծնած օրը: Կը թաղուի Պոսթոն:

Յ. Մ.