1874-1915

Մեծ Եղեռնի նահատակ գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր, խմբագիր, բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ռուբէն Զարդարեան ծնած է 1874-ին Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆայի Սեւերէկ գիւղին մէջ: Ուսում ստացած է Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանին մէջ եւ Թլկատինցիի վարժարանին մէջ:

Եղած է գործօն անդամ ՀՅԴ կուսակցութեան: Խմբագրած է Ռազմիկ եւ Ազատամարտ թերթերը, որոնց մէջ իր հայրենասիրական խմբագրականներով խրախուսած է հայերը, անոնց մէջ վառ պահելու համար հայու ազատատենչ ոգին: 1897-1903 որպէս տնօրէն կը պաշտօնավարէ Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ:

Ազգային-կուսակցական իր գործունէութեանց պատճառով ալ բանտարկուած է թրքական իշխանութեան կողմէ: Ազատ արձակուելէ ետք կ՛անցնի Պուլկարիա, Ֆիլիպպէ, ուր կը հիմնէ Ռազմիկ եռօրեայ թերթը: 1909-ի Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը խմբագրէ Ազատամարտ թերթը:

Իր «Մեղրագետ» հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դպրոցական դասագիրքերը սերունդներ դաստիարակած են ազգային ոգիով:

Ապրիլ 24, 1915-ին կը ձերբակալուի իր նման հարիւրաւոր մտաւորականներու հետ, որոնք դարձան Օսմանեան թուրքիոյ հայաջինջ ծրագրի առաջին զոհերը: Իր մահկանացուն կը կնքէ Անգարայի մօտ, Այաշի բանտին մէջ:

Իր «Ցայգալոյս» գիրքը 1910-ին Պոլիս հրատարակուելէ ետք, բազմաթիւ վերահրատարակութիւններ ունեցաւ զանազան քաղաքներու մէջ, ինչպէս Վենետիկ, Երեւան, Պէյրութ, Իսթանպուլ եւ այլուր: Իր մէկ պատմուածքը «Գամփռը» խորագրով, մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ դեռ կը շարունակէ գտնել ընթերցասէր հասարակութեան մօտ: Իր որդին՝ ֆրանսա ապրող Հրաչ Զարդարեան, հօր նման ծանօթ գրող է:

Յարգանք իր յիշատակին: