1840-1901
Արեւմտահայ գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս, հասարակական-մանկավարժական գործիչ: Ծնած է Պոլիս 1840-ին:
Մէկ տարեկանին կորսնցուցած է հայրը: Նախնական ուսումը ստացած է Պոլսոյ ֆրանսական վարժարանին մէջ: Հիմնական ուսումը ֆրանսերէնի, բնական գիտութիւններու եւ պատմութեան, ստացած է իր քիմիագէտ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայ եղբօր՝ Յովհաննէս Վահանի մօտ:
1869-ին կը մեկնի Ֆրանսա ուր ծանօթութիւններ կը հաստատէ ֆրանսացի անուանի երաժիշտներու եւ նկարիչներու հետ: Կ՛ամուսնանայ ֆրանսացի երաժիշտ Փօլ Տիւսաբի հետ: 1891-ին կը վերադառնայ Պոլիս:
Սկսած է գրել ֆրանսերէն լեզուով, ապա Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն հայերէն դասեր առնելով, սկսած է նաեւ գրել հայերէն բանաստեղծութիւններ:
Եղած է ազնուական գեղեցկուհի կին մը: Հրապարակախօսութեամբ եւ գրականութեամբ պայքարած է կանանց ազատութեան համար, դէմ եղած է բռնի ամուսնութեանց, քաջալերած է ազատ սէրը:
Իր գործերէն յիշենք՝ Մայտա, Սիրանոյշ, Արաքսիա կամ Վարժուհին վէպերը:
Մահացած է քաղցկեղէ 1901-ին եւ թաղուած Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Պոլիս: