Անցեալ ամիս ձեզի ներկայացուցի ֆրանսահայ մեծ նկարիչ մը՝ ԺԱՆՍԵՄ, որուն ծննդեան հարիւրամեակն էր: Կարելի չէ ֆրանսահայ նկարչութեան մասին խօսիլ եւ չյիշել համաշխարհային ճանաչում եւ հռչակ ունեցող ԳԱՌԶՈՒՆ: Այս անգամ ալ ներկայացնեմ նկարիչ մը, յետոյ վերադառնամ մեր սփիւռքահայ գրականութեան եւ անուանի գրական դէմքերուն:

Գառզու, բուն անունով Գառնիկ Զուլամեան, ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ 1 Յունուար 1907-ին: 1918-ին ծնողքին հետ կը փոխադրուի Եգիպտոս, իսկ 1924-ին կ՛անցնի Ֆրանսա, ուր կը հետեւի ճարտարապետութեան եւ Փարիզի ճարտարապետական ուսումնարանը կ՛աւարտէ 1929-ին: Կը յաճախէ նաեւ Մոնբառնասի նկարչական ակադեմիան:

Նկարիչ, վիմագրող, բեմանկարիչ եւ գրող Գառզուի նկարները իւրայատուկ են, անոնք լիթոկրաֆ (Վիմագրութիւն) ոճով պատրաստուած նկարներ են, որոնց մէջ գլխաւոր դեր կը կատարեն գիծերն ու գոյները: Ան նաեւ բեմանկարիչ է, շարք մը նշանաւոր պալէներու եւ Օփերաներու բեմանկարները ինք կատարած է: Իր գործերը ցուցադրուած են աշխարհի շատ մը անուանի պատկերասրահներուն մէջ: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պատուոյ կոչումներու: Ան Ֆրանսայի պատուոյ լեգէոնի շքանշանի ասպետ է: 1979-ին կ՛ընտրուի Ֆրանսայի Գեղարուեստի Կաճառի (Ակադեմիա) պատուոյ անդամ: Ցարդ երկու հայեր արժանացած են այդ պատուին, մին ինքն է, իսկ երկրորդը նշանաւոր գրող Անրի Թրուայա (Լեւոն Թորոսեան):

Գառզու Հայաստանին նուիրած է իր գործերէն 400 նկար, ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն տուժած նկարիչներուն՝ 50 նկար:

«Իբր նկարիչ՝ կը պատկանիմ ֆրանսական արուեստին, սակայն իմ բոլոր գործերուս մէջ անշուշտ հայ կը մնամ: Չէ՞ որ մենք ամէնքս մեր ժողովուրդի բեկորներն ենք » ըսած է ան:

Գառզու կը մահանայ Ֆրանսայի մէջ 20 Օգոստոս, 2000-ին: Այսօր իր անունով պատկերասրահ-թանգարան մը կայ Ֆրանսայի մէջ:

Ճանչնանք մեր մեծերը եւ հպարտ զգանք անոնցմով:

Յ. Մ.