«Գիրքերու Աշխարհը» յօդուածը տպուած է Հալէպ լոյս տեսնող «Գանձասար» շաբաթաթերթի ամանորեայ բացառիկին մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի «Ազգ» շաբաթաթերթի փետրուար 6-ի համարին մէջ։

* * *

Այն դպրոցը, ուր կը պաշտօնավարեմ, տարիներ առաջ նուէր ստացած էր արեւմտահայ մտաւորականի մը սեփական գրադարանին հարիւրաւոր գիրքերը, որոնք խնամող ձեռքի մը կը սպասէին:

Ուրախալի տնօրինութեամբ մը ինծի յանձնուեցաւ այդ գիրքերուն ցանկագրումն ու դասաւորումը, յօգուտ վարժարանի աշակերտութեան արեւմտահայ գրականութեան դասերու որպէս օժանդակ ընթերցանութիւն:

Առաջարկը ընդունեցի ուրախութեամբ, քանի որ գիրքերու աշխարհը միշտ ալ հետաքրքրած է զիս ու մեծ սիրով մտած եմ այդ դիւթական աշխարհէն ներս:

Աւետիսեան դպրոցի գրադարանը բաւական ճոխ է հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն  գիրքերով, որոնց մէջ Հայաստանի մէջ տպուած արեւմտահայ գրողներու գործեր ալ կան, սակայն, դժբախտաբար անոնք տպուած են արեւելահայ ուղղագրութեամբ, հայաստանահայ ընթերցողին մատչելի դարձնելու համար:

Անցայ աշխատանքի խումբ-խումբ գիրքերը դարակներէն վար առնելով եւ ցուցակներ կազմելով: Ամենագրաւիչները հնատիպ գիրքերն էին, որոնք 100, 120, 140, մինչեւ իսկ  155 տարիներու հնութիւն ունին: Անոնցմէ շատերուն թերթերը այնքան փտած են, որ ձեռնելու կը վախնայի:

Ինչքան չլսուած անուններ կան հեղինակներու, որքան տարբեր նիւթեր շօշափած են, որքան ստուար մտաւորական խաւ մը ունեցած ենք անցեալին, յատկապէս Պոլսոյ մէջ, ուր մեր խմբագրատուներն ու տպարանները ահագին գործ տեսած են ժողովուրդին տարատեսակ գրական գործեր մատակարարելով:

Մատենագրութիւն, Գրականութիւն, Տրամաբանութիւն, Մանկավարժութիւն, Բարոյախօսութիւն… ինչերու ըսես չեն անդրադարձեր անոնք: Գիրքեր կան, որոնց վրայ յիշուած է «Երկրորդ, երրորդ, չորրորդ տպագրութիւն»… Այդ որքան ընթերցող ունեցած են, որ շուկայի պահանջքը գոհացնելու համար քանի մը անգամ հրատարակութեան տուած են գործ մը:

Երբ 1512-ին Յակոբ Մեղապարտ Վենետիկի մէջ հայերէն տառերով տպեց առաջին հայերէն տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»ը, պարզապէս Կիւթենպէրկի գիւտէն (1468) ընդամէնը 44 տարի ետք, Թուրքերը միայն 200 տարի ետք ունեցան տպարան ու տպագիր գիրք:

Գիրքը, եւ մասնաւորաբար տպուած գիրքը չափանիշն է ազգի մը մտաւոր մակարդակին: Ընթերցասէր ժողովուրդ մը, նախ աւելի գիտակ կ՛ըլլայ, ապա բազմակողմանի զարգացում կ՛ունենայ: Ներկայ արհեստագիտութեան բարիքները՝ համակարգիչը, համացանցը, ձեռքի հեռախօսը, պատճառ դարձան, որ մարդիկ ընթերցանութեան փոխարէն, անոնցմով զբաղին, մասնաւորաբար պատանիները:: Սակայն եւ այնպէս, տակաւին կան շատ մարդիկ, որոնք ընթերցանութեան հաճոյքն ու բաւարարութիւնը, ոչ մէկ բանի հետ կը փոխեն:

Իմ կարծիքով, երեխաներուն փոքր տարիքէն գիրք նուիրելն ու կարդալու մղելը լաւագոյն ձեւն է զանոնք ընթերցասէր դարձնելու: Շատ ծնողներ սովորութիւն դարձուցած են իրենց մանուկներուն քնանալէ առաջ կէս ժամ գիրք կարդալը, հոգ չէ սկիզբը նկարներով կը զբաղին, յետոյ, երբ արդէն գրաճանաչ կ՛ըլլան, կը սկսին կարդալ: Շրջան մը ետք, արդէն սովորութիւն կը դառնայ եւ երեխան ինք գիրք կը խնդրէ:

Ընթերցանութեան տուած հաճոյքն ու օգտակարութիւնը, ուրիշ  ոչ մէկ բան կու տայ:

Յ. Մ.