1861-1915
Ապրիլեան նահատակներու ամենալուսաւոր, ամենապայծառ անհատականութիւնը՝ Գրիգոր Զօհրապ ծանօթ է գրականութեան մէջ, որպէս «Նորավէպի Իշխան»:
Գրող, ճարտարապետ, փաստաբան, քաղաքագէտ Զոհրապ ծնած է Պոլիս 1861-ին: Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Պէշիկթաշի Մաքրուհեանց վարժարանին մէջ, ճարտարապետութեան կը հետեւի եւ կը վկայուի Գալաթասարայի ֆրանսական համալսանէն, ապա Ստամպուլի համալսարանին մէջ կը հետեւի իրաւաբանութեան ճիւղին եւ կը վկայուի 1884-ին:
Եղած է Թուրքիոյ մեծագոյն իրաւաբաններէն մին: Մաս կազմած է Թրքական Փարլամենդին, ինչպէս նաեւ Թրքահայոց Ազգային ժողովին:
Իր գրականութիւնը իրապաշտ է, իր գեղեցիկ պատմուածքներով հետեւած է նորավիպագրութեան եւ կոչուած է «Նորավէպի Իշխան»: Աշխատակցած է «Արեւելք» եւ «Մասիս» թերթերուն: Իր առաջին վէպը եղած է «Անհետացած Սերունդ մը», ապա գրած է «Նարդիկ» վերնագրով վէպ մը, որ մնացած է անաւարտ:
Իր պատմուածքները ամփոփուած են երեք հատորներու մէջ՝
- Կեանքը ինչպէս որ է
- Լուռ ցաւեր
- Խղճմտանքի ձայներ
Տեսնելով հայկական գաւառներուն մէջ հայերու տեղահանութիւններն ու ջարդերը, Թալաթ փաշային ըսած է, «Թալաթ Փաշա, այս եղածներուն համար օր մը պատասխան պիտի տաս», փաշան ըսած է «Որո՞ւ պատասխան պիտի տամ«, Զօհրապ ըսած է «Ինծի՛» եւ ատոր համար ալ հակառակ որ շատ մօտ բարեկամն էր Թալաթ Փաշային, Ապրիլ 24-ի գիշերը ձերբակալուած է, տարուած է Հալէպ, անկէ ալ Ուրֆա դատուելու համար, սակայն ճամբան սպանած են զինք գլուխը խոշոր քարով մը ջարդելով:
Յ. Մ.