Փօլ անունով երիտասարդ մը նոր ինքնաշարժ մը ստացաւ իր եղբօրմէն որպէս նուէր Ս. Ծննդեան առթիւ: Երեկոյան երբ դուրս եկաւ, նկատեց որ սեւամորթ տղեկ մը շողշողուն մեքենային շուրջ կը դառնար հիացած:

— Ասիկա ձեր օթո՞ն է,- հարցուց տղեկը երիտասարդին.
— Այո,- պատասխանեց Փօլ, եղբայրս նուիրեց Ս. Ծննդեան առթիւ:
— Տղան զարմացած ըսաւ,- Ըսել կ՛ուզէք որ ձեր եղբայրը այս օթոն ձեզի տուաւ ձրի՞, այսինքն դուք ոչ մէկ սէնթ չէ՞ք վճարած… Օհ, որքան կ՛ուզէի…,- բայց տատամսեցաւ: Անշուշտ Փօլ հասկցաւ թէ ի՞նչ կ՛ուզէր ըսել տղեկը՝ պիտի փափաքէր որ ինք ալ այդպիսի եղբայր մը ունենար: Սակայն ինչ որ ըսաւ տղեկը, ցնցեց երիտասարդին ողջ էութիւնը,- Որքա՜ն կ՛ուզէի որ ես ալ այդպիսի եղբայր մը ըլլայի,- ըսաւ տղեկը:
— Փօլ զարմացած ըսաւ, — Կ՛ուզե՞ս ինքնաշարժովս պտոյտ մը կատարենք:
— Ո՜հ, անշուշտ, շատ պիտի փափաքէի:

Կարճ պտոյտէ մը ետք, տղան դարձաւ ու ճառագայթող աչքերով ըսաւ, — Կարելի՞ է մեր տան առջեւէն անցնինք: Փօլ ժպտեցաւ, գիտցաւ թէ ինչու այդ խնդրանքը ըրաւ, ան կ՛ուզէր իր թաղի ընկերներուն ցոյց տալ, որ ինք շքեղ մեքենայ մը նստած է, սակայն այս անգամ ալ Փօլ սխալած էր: Երբ հասան իրենց տան թաղը, տղեկը ցոյց տալով իրենց աղքատիկ տունը ըսաւ,- կարելի՞ է մէկ վայրկեան կենալ այդ դրան առջեւ: Փօլ կանգնեցուց մեքենան, տղան իջաւ եւ ներս վազեց, ապա իր հաշմանդամ փոքր եղբայրը գրկած դուրս եկաւ, եւ մեքենան ցոյց տալով իր եղբօր ըսաւ, — Կը տեսնե՞ս Պատի, այս օթոն իր եղբայրը իրեն նուիրած է, Ս. Ծննդեան առթիւ, ինք ոչ մէկ սէնթ վճարած է: Օր մը ես ալ ատոր նմանը պիտի առնեմ եւ պտտցնեմ քեզի, որ դուն ալ դիտես քաղաքի խանութներուն շքեղ զարդարանքները Ծննդեան առթիւ:

Փօլին աչքերը լեցուեցան, իջաւ մեքենայէն, գրկեց երեխան ու երեքով անմոռանալի պտոյտ մը կատարեցին:

* * *

Ս. Ծննդեան առթիւ Փօլին ըրածը մեքենայէն պակաս նուէր չէր: Ուրախացաւ, ուրախացուց եւ կրկնակի ուրախացաւ խեղճ երեխաները ուրախացնելով:

 

Յակոբ Միքայէլեան
(Քաղուած միջազգային գրականութենէ)