1870-1915
Շարունակելով հայ գրականութեան պայծառ դէմքերուն այս տարուան զուգադիպող յոբելեարներուն շարքը, կը ներկայացնեմ անոնց վերջինը՝ Երուխանը, որուն ծննդեան 150-ամեակն է:
Մեր իրապաշտ գրականութեան դէմքերէն մէկն ալ Երուխանն է: Բուն անունով Երուանդ Սրմաքէշխանլեան. ծնած է Պոլիս 1870-ի Յուլիս ամսուն: Ինք ալ Մեծ Եղեռնի զոհերէն է, սակայն, քանի որ սովորական դարձած է յիշել մեր մեծագոյն նախատակները՝ Դանիէլ Վարուժանը, Գրիգոր Զոհրապն ու Սիամանթոն, շուքի մէջ մնացած են Ռուբէն Զարդարեանը, Երուխանն ու հոյլ մը այլ անուանի գրողներ:
Երուխան արձակագիր է, հրապարակախօս, մանկավարժ եւ թարգմանիչ: Ինչպէս շատ հայ մտաւորականներ, 1895-96-ի համիտեան ջարդերէն խուափելու համար, Երուխանն ալ կը լքէ Պոլիսն ու կ՛անցնի Պուլկարիա, ապա Եգիպտոս, շարունակելով իր գրական եւ մանկավարժական աշխատանքները:
1908-ի սահմանադրութեան հռչակումէն քաջալերուած, ուրիշ գրողներու նման ինք ալ կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը ստանձնէ խմբագրութիւնը «Արեւելք» թերթին, շարունակելով դասաւանդել հայկական վարժարաններու մէջ:
Իր նշանաւոր վէպը՝ «Ամիրային աղջիկը» զանազան տարիներու, տարբեր քաղաքներու մէջ քանիցս հրատարակուեր է: Ունի իրական կեանքէ առնուած պատմուածքներու հարուստ հաւաքածոյ մը, որոնք նոյնպէս քանի մը հրատարակութեանց արժանացած են:
1915-ին, հայկական գողգոթայի օրերուն, ինք ալ կը ձերբակալուի եւ կը սպանուի Խարբերդի մօտակայքը: Յարգանք իր յիշատակին եւ վաստակին:
Յ. Մ.