1923 – 2012
Սփիւռքահայ բանաստեղծ, թատերագիր, հրապարակագիր
Ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի եւ Մխիթարեան վարժարանի մէջ, իսկ երկրորդականը Հալէպի Լիսէ Ֆրանսէզի մէջ:
Յաճախած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եւ վկայուած 1945-ին:
Փոխադրուած է Լիբանան եւ համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ մասնագիտանալով Անգլերէն գրականութեան մէջ (BA) եւ մանկավարժութեան մէջ (MA):
Որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն պաշտօնավարած է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն մէջ: Վարած է ԹՄՄ-ի «Շիրակ» գրական ամսագրի խմբագրութիւնը:
Գաղթած է ԱՄՆ, հաստատուած Տիթրոյթի մէջ:
Զբաղած է գրականութեամբ:
Բանաստեղծութիւններ.
«Ջրհեղեղէն յետոյ»
«Մինչեւ ափերը անկարելիին»
«Լեռներ վիհերու մէջ» եւ այլն:
Թատերգութիւններ.
«Սիրոյ ցանցին մէջ
«Զմռսուած երազներ»
«Բանալիներ»
«Արտաւազդի հայրը» եւ այլն:
Հեղինակած է հայերէն լեզուի եւ քերականութեան դասագիրքեր:
Մահացած է Քալիֆորնիոյ մէջ 2012-ին: