«Հոկտեմբերի երկրորդ կիրակին, թարգմանչաց տօնն է, մեր ամենանուիրական խորհրդանիշներէն մէկը, որուն շատ բան կը պարտինք մեր՝ իբրեւ ինքնուրոյն ազգի գոյատեւման մէջ:  Ուրեմն պատշաճ է, որ տարին գոնէ մէկ օր խոնարհինք մեր թարգմանիչներու յիշատակին առջեւ:»

Այսպէս կ՛ըսէ լիբանանահայ լեզուաբան բժ. Արմենակ Եղիայեան, իր յօդուածին մէջ, նուիրուած Թարգմանչաց տօնին: Արդարեւ յաճախ կը մոռնանք յիշատակելու մեր թարմանիչներու տօնը եւ երբեմն ալ կը յիշատակենք, առանց անոր խորը թափանցելու, պարզապէս աւանդոյթ մը շարունակելով:

Յարգարժա՛ն կրթական մշակներ, սիրելի՛ աշակերտներ, անհրաժեշտ է իմանալ կարեւորութիւնը մեր թարգմանիչներուն հրաշալի աշխատանքին, որոնք հայացուցին մեր եկեղեցիներուն մէջ օգտագործուած օտար՝ յունարէն, կամ ասորերէն արարողութիւններն ու ծէսերը՝ գիրերու գիւտէն ետք, հայացնելով Աստուածաշունչը, այնքան գեղեցկօրէն, որուն համար օտարները «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչեցին:

Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ ստեղծուած հայերէն տառերը 405 թոէականին, ընդհանուրը 36 տառեր էին, որոնք սակայն սպարազինուած բանակի մը նման պաշտպանեցին մեզ ձուլումի դէմ, պաշտպանելով մեր գիրն ու գրականութիւնը, մեր մշակոյթը: Այսօր, գիրերու գիւտէն աւելի քան 1600 տարիներ ետք, եթէ մենք հայերէն կը խօսինք ու կը գրենք, պատիւը կ՛երթայ մեր երկու սուրբերուն, ապա մեր թարգմանիչներուն՝ Եզնիկ Կողբացիին, Կորիւն Երանելիին եւ իրենց ընկերներուն, որոնք օտարալեզու  գրական գոհարները թարգմանելով, հսկայ հարստութիւն մը մեզի ժառանգեցին, որուն արժէքը ըմբռնելու է հայ իւրաքանչիւր աշակերտ եւ ուսանող, որպէսզի այս գանձը ի վիճակի ըլլան, իրենց կարգին, փոխանցելու իրենցմէ ետք գալիք սերունդներուն:

Յաւէտ Փառք մեր Թարգմանիչներուն:

Յ. Մ.