1917 – 2019

Սփիւռքահայ ամենաերկարակեաց բանաստեղծը, որ ապրեցաւ 102 տարի եւ իր կեանքին բոլոր օրերը նուիրեց հայրենասիրութեան եւ Աստուածապաշտութեան:

Ծնած է Երուսաղէմ 1 օգոստոս 1917-ին եւ մահացած է ԱՄՆ, 2 նոյեմբեր 2019-ին:

Իւրօրինակ գրող, բանաստեղծ, թատերագիր: Իր նախնական ուսոմը ստանալէ ետք իր ծննդավայրին մէջ, իր համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի համալսարանէն , մասնագիտանալով քիմիագիտութեան եւ դեղագործութեան ճիւղերուն մէջ:

1958-ին հաստատուած է ԱՄՆ, Գալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքին մէջ:

Իր բանաստեղծութիւններուն գլխաւոր թեման եղած է հայրենաբաղձութիւնը, կարօտը, եկեղեցասիրութիւնն ու Աստուածապաշտութիւնը:

Բախտը ունեցած եմ տեսնելու եւ լսելու զինք Լիբանան, Անթիլիասի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած գրողներու համագումարի մը ընթացքին: Այն ատեն 90 տարեկան էր, սակայն զարմանալիօրէն առոյգ եւ պայծառամիտ:

Իր գործերէն յիշենք.

— Գաղտնի Ճամբան, 1937
— Մեղրալուսին, 1943
— Մարդ մը մեռաւ, 1947
— Մեսրոպաշունչ, 1947
— Ոսկէ դափնի, 1957
— Մասիսածին, 1963
— Հայատրոփ, 1970
— Ուլունքաշար, 1983

Յ. Մ.