Տարիներ առաջ, ԱՄՆ-ի Սիէթըլ քաղաքին մէջ, Իւրայատուկ Ողիմպիական խաղերուն 9 մրցորդներ, 8-9 տարեկան, բոլորն ալ թերաճ՝ մարմնական, թէ մտային թերութիւններ ունեցող, շարուած էին դաշտին մէջ 100 մեթր վազգին մասնակցելու համար: Պարզ է, որ անոնցմէ ակնկալուածը իսկական վազք չէր, այլ յատուկ ճիգով մը այդ տարածութիւնը կտրելն էր, եւ աւարտին հասնող առաջին երեխան յաղթական պիտի հռչակուէր եւ պարգեւատրուէր: Կարեւորը՝ կէս ճամբան չմնալն էր, այլ անպայման տեղ հասնիլը:
Երբ ազդանշանը տրուեցաւ, բոլորն ալ սկսան յառաջանալ, բացի տղեկէ մը, որ հազիւ քանի մը քայլ առած, ինկաւ ու սկսաւ բարձրաձայն լալ: Միւս ութը հոգիները լսելով տղեկին լացը, դանդաղեցուցին իրենց վազքը, կանգ առին ու ետին դարձած նայեցան անոր, ապա բոլորը միասին ետ դարձան ու մօտեցան ինկած տղեկին: «Տաունզ Սինտրոմ» ունեցող աղջնակ մը ծռեցաւ ու համբուրեց տղուն եւ ըսաւ՝ «հիմա լաւ կը զգաս», ապա ութը միասին տղեկը բարձրացուցին գետնէն ու բոլորը իրարու ձեռք բռնած շարունակեցին մրցումը եւ հասան աւարտին:
Մարզադաշտին մէջ բոլոր ներկաները յոտնկայս ծափահարեցին, անոնց մէջ շատ էին իրենց արցունքները սրբողները:
***
Բնական, առողջ մարդիկ նոյնը պիտի ընէի՞ն, եթէ վազքի ընթացքին մէկը իյնար, թէ՞ մրցանակը շահելու սիրոյն, նոյնիսկ իրար պիտի խանգարէին: Թերաճներէն ալ կարելի է դաս առնել:
Յակոբ Միքայէլեան
(Բնագիրը՝ «Բաց պատուհան» գիրքիս մէջ)