Երեքշաբթի 4 Մայիսին, Աւետիսեան դպրոցի գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայերէն գիրքերու բաժնի հնատիպ գիրքերու ցուցադրութեան, ուր 70 գիրքեր, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 100-157-ի միջեւ, յանձնուեցան աշակերտներու ուշադրութեան:

Պատասխանատու պր. Յակոբ Միքայէլեան, հերթով այցելող աւագ դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ այս ցուցադրութեան նպատակին, հնատիպ գիրքերու, պատմական, գրական եւ թանգարանային արժէքին մասին:

Այցելու աշակերտները, իրենց ուղեկցող դասատուներուն հետ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին, ապա ծանօթացան ցուցադրուածներուն, հարցումներ ուղեցին Պր. Միքայէլեանին ու այցելութեան աւարտին իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեցին յուշամատեանին մէջ:

Վարժարանի տնօրէնութիւնը վերոյիշեալ գիրքերու ապահով պահպանումին ի խնդիր, որոշած է զանոնք յանձնել Մատենադարանին, Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ այլ գրադարաններու, որոնց նամակներ ուղուած են, գիրքերուն ցուցակին հետ միասին: