1894 – 1924

Արեւմտահայ քնարական բանաստեղծութեան վերջին ներկայացուցիչը, որ թէեւ կրցաւ հայկական կոտորածներէն խուսափիլ, սակայն թոքախտը հալածեց զինք եւ հազիւ 30 տարեկան, հեռացաւ այս աշխարհէն, իր ետին թողելով փունջ մը գեղանուշ բանաստեղծութիւններ, որոնք ցարդ հաճոյքով եւ յուզումով կը կարդացուին եւ բեմերէն կ’արտասանուին:

Ծնած է Պոլիս 1894-ին. Նախնական ուսումը ստանալէ ետք իր ծննդավայրին մէջ, կը յաճախէ Պարտիզակի Ռոպերթ Քոլէճը, ապա Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որ կ’աւարտէ 1913-ին պսակաւոր արուեստից տիտղոսով:

Որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Ատանայի հայկական դպրոցին մէջ, դասաւանդելով Անգլերէն լեզու եւ մարմնամարզ: Թոքախտով կը հիւանդանայ ու կ’անցնի Լիբանան բուժուելու համար: Երբ կը վերադառնայ 1914-ին կը զօրակոչուի Օսմանեան բանակ: Կը գործէ որպէս հիւանդապահ բանակին մէջ: Բախումներ կ’ունենայ իր վերակացուներուն հետ ու որոշ շրջան մը կը բանտարկուի, ապա կ’աքսորուի, սակայն բարեկամներու միջամտութեամբ ազատ կ’արձակուի:

Զինադադարէն յետոյ անգլիական բանակին մէջ կ’աշխատի որպէս թարգմանիչ: Կ’այցելէ գաւառները ու կը նուիրուի հայու բեկորներու հաւաքման գործին:

Հակառակ որ մարզիկ էր ու մարզանքի ալ ուսուցիչ, թոքախտը չի խնայեր զինք ու կը մահանայ 1924-ին:

Գրել սկսած է ուշ, քսանվեց տարեկանին ու մինչեւ մահ՝ միայն չորս տարիներու ընթացքին քնքուշ բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ փունջ մը ձգած է:

  • Տխրութեան եւ Խաղաղութեան Երգեր, 1921
  • Կեանքի եւ Մահուան Երգեր, 1922

Իր գործերը յաճախ արժանացած են մէկէ աւելի հրատարակութեանց՝ Պիլիս, Լիբանան, Վենետիկ, Հայաստան: Լիբանանահայ ծանօթ գրագիտուհի Սիրան Սեզան իր քոյրն է, որ երկար տարիներ Պէյրութի մէջ հրատարակեց «Երիտասարդ Հայուհի» ամսագիրը: Կարդացէք անպայման Մ. Զարիֆեանի «Խենթը» երկարաշունչ քերթուածը, կարելի է գտնել Google-ի մէջ: