Յակոբ Օշական (1883-1948)
Սփիւռքահայ մեծանուն գրող, քննադատ, թատերագիր, ուսուցիչ, մանկավարժ: Բուն անունով Յակոբ Քիւֆէճեան, ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Պուրսա քաղաքին մէջ: Ուսումը առած է Արմաշի դպրեվանքին մէջ:
Խմբագրած է «Մեհեան» եւ «Բարձրավանք» հանդէսները: Պատրաստած է «Հայ Գրականութիւն» դասագիրքը: Դասաւանդած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ:
Իր գրականութիւնը շատ մատչելի չէ սովորական ընթերցողին, քանի իր ոճը բաւական բարդ է: Հայ գրականութեան մէջ կը նկատուի գրաքննադատութեան եզակի դէմքերէն մին:
Իր գործերէն յիշենք
«Խոնարհները» 1920
«Խորհուրդներու մեհեանը» 1922
«Երբ պատանի են» 1925
«Մնացորդացը» 1932-34
«Երեք թատերախաղեր» 1990 (Յետ մահու)
Իսկ իր «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» 10 հատորները կը նկատուին կոթողային աշխատանքներ, որոնք մինչեւ այսօր որպէս աղբիւր եւ դասագիրք կը ծառայեն սփիւռքի հայերէնի ուսուցիչներուն:
Ընտանիքով կը բնակէին Երուսաղէմի մէջ, սակայն 1948-ի Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմին պատճառաւ ինք կու գայ Հալէպ եւ կը մնայ իր համաերկրացի բարեկամներու տան մէջ: Իր ներկայութենէն օգտուելով կը ծրագրուի իր 65-ամեայ յոբելեանը տօնել, սակայն անակնկալ սրտի կաթուած մը վերջ կու տայ իր կեանքին:
Յակոբ Օշականի շիրիմը կը գտնուի Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ: Ամէն տարի, ուսուցիչներու տօնին, Հայկական վարժարաններէն աշակերտական խումբեր կ՛այցելեն անոր շիրիմին եւ ծաղկեպսակ կը զետեղեն գերեզմանին:
Իր որդին ալ՝ Վահէ Օշական, Սփիւռքահայ հանրածանօթ գրող է: