1902 – 1972
Ֆրանսահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր: Գրած է Հայերէնով եւ Ֆրանսերէնով:
Ծնած է Պոլիսէն Վառնա (Պուլկարիա) մեկնող նաւուն վրայ, երբ ծնողքը Ակնէն կը գաղթէին Պուլկարիա:
Ա. Համաշխարհային պատերազմին կը կորսնցնէ ծնողքը եւ 1915-ին մեծ եղբօր հետ կ՛անցնի Ռումանիա: Անկէ ետք թափառական կեանքով մը կ՛ըլլայ շատ մը քաղաքներու մէջ, մինչեւ որ վերջապէս 1919-ին կը վերադառնաէ Պոլիս եւ կը դառնայ Կեդրոնական վարժարանի ուսանող, ուսուցիչ ունենալով Յակոբ Օշականն ու Վահան Թէքէեանը:
Կ՛աշխատակցի շարք մը թերթերու եւ կը զբաղի գրականութեամբ: Կը նկատուի որպէս Սփիւռքի առաջին բանաստեղծը: Դժբախտաբար, հակառակ իր մեծութեան, շուքի մէջ մնացած է եւ բաւական ուշ, իր մահէն յետոյ է որ միայն ծանօթացուած է:
Իր առաջին բանաստեղծութեանց գիրքը կը կոչուի
«Անջրպետի մը գրաւումը», որ լոյս կը տեսնէ 1928-ին, որմէ ետք
«Իշխանուհին» 1934, Վիպակ
«Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» 1939
«Միջնաբերդ» 1946
«Վենսենի անտառը» 1947
«Իշխանուհին» 1934
«Խարիսխէն հեռու»
«Միջերկրական» 1962
Եւ շարք մը այլ գիրքեր:
Սարաֆեան կը մահանայ Փարիզի մէջ 1972-ին: