1914 Այնթապ-1986 Պէյրութ
Սփիւռքահայ գրագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր, ուսուցիչ:
Սասունցի ծնողներու զաւակ, ծնած է Այնթապ, ուր նաեւ ստացած է իր նախնական ուսումը, ապա 1921-ին տեղահանուած են ընտանեօք եւ կայք հաստատած Հալէպի մէջ, ուր շարունակած է իր ուսումը: Ապա անցած է Լիբանան եւ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ շարունակած է ուսումը, ուր ապագային դասաւանդած է գրաբար եւ հայ մատենագիտութիւն:
Պէյրութի մէջ բացած է իր սեփական «Սեւան» տպարան-հրատարակչատունը: Այս տպարանէն լոյս տեսած են որակաւոր գրական եւ պատմական գիրքեր, յատկապէս իր հեղինակած Հայոց Պատմութեան եւ Հայերէնի դասագիրքերու շարքերը:
Հիմնած է «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որ դարձած է ընթերցող հասարակութեան սիրելի թերթը իր հայրենասիրական խմբագրականներով եւ գրական ստեղծագործութիւններով, մասնաւորաբար նոր սերունդին յատկացուած գրական էջով՝ «Սփիւռք Գարուն» խորագրով, որուն մասնակիցներէն քանիներ ապագային դարձան որակաւոր գրողներ:
«Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ յաճախ անդրադարձած է Արցախին եւ Նախիջեւանին ու պահանջած, որ անոնք վերադառնան Հայաստանին: Յաճախակի հրատարակած այսօրինակ յօդուածներուն պատճառով Խորհրդային իշխանութիւնները արգելք դրած են իր Հայաստան այցելութեան:
Իր Սասունցիի արմատները զինք մղած են որ իր պատմուածքներուն հերոսները մեծամասնութեամբ ըլլան սասունցիներ:
Իր գործերէն յիշենք «Խմբապետ Ասլանի աղջիկը», «Լեռնականներու վերջալոյսը», «Սիփանայ քաջեր», «Լեռ եւ ճակատագիր», «Անժամանդրոս» եւ այլն:
Իր մահէն առաջ իր տպարանէն լոյս ընծայեց մեծածաւալ քարտէսը պատմական Հայաստանի: Օր մը երբ զինք կ՛այցելէին ծանօթ գրողներ, անոնց ներկայութեան քարտէսը գետին կը փռէ ու վրան կը պառկի ըսելով «Ահա՛ ես իմ Հայաստանիս մէջ եմ»:
Սիմոնեանի մտերմութիւնը վայելած եմ յաճախ եւ ունկնդրած իր համով-հոտով պատմութիւններն ու յուշերը:
Ս. Սիմոնեան մահացաւ 1986-ին:
Յ. Մ.