1903 – 1941
Արձակագիր, բանաստեղծ, հասարակական գործիչ:
Ծնած է Թէքիրտաղ, Թրքահայաստան, 1903-ին եւ անժամանակօրէն մահացած Փարիզի մէջ 1941-ին: Սփիւռքահայ գրականութեան ընդհանրապէս, եւ ֆրանսահայ գրականութեան մասնաւորապէս, ռահվիրաներէն է, Շահան Շահնուրի հետ միասին:
Նախնական կրթութիւնը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, համալսարանական ուսումը կը ստանայ Փարիզի համալսարանին մէջ: 1919-ին մէկ տարիով կ՛այցելէ Հայաստան, Առաջին հանրապետութեան օրերուն:
Եղած է գործունեայ անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Աշխատած է գործարաններու մէջ որպէս բանուոր:
1931-ին ՄԵՆՔ գրական հանդէսի խմբագրութեան կ՛աշխատակցի ֆրանսահայ գրողներ Նիկողոս Սարաֆեանի, Բիւզանդ Թօփալեանի, Զարեհ Որբունիի եւ Շաւարշ Նարդունիի հետ: Խմբագրած է նաեւ ՄԱՐՏԿՈՑ հանդէսը:
Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանի Խմբագրած ԴՐՕՇԱԿ, ՀՅԴ կուսակցութեան օրկանի խմբագրական կազմին մէջ ալ եղած է:
Թէեւ շատ շուտ հեռացաւ այս աշխարհէն՝ ընդամէնը 38 տարիներ ապրած, ան ալ թշուառութեան մէջ, սակայն բաւական մեծ գրական ժառանգ ձգած է. գիրքեր, որոնք պատանիներն ու երիտասարդները մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդան մինչեւ այսօր: Յիշենք իր գիրքերէն Փունջ մը.
Երկիր Յիշատակաց, Սիրոյ եւ Արկածի Տղաքը, Ամրան Գիշերներ, Ճերմակ Վարսենիկ, Մթին պատմութիւն, Գարնանային Սիրոյ Հեզ Նամակներ, Բանաստեղծն ու Կինը, Ներքին Դաշտանկար եւ այլն: