(1878-1945)

Հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն մին, որուն շնորհուած է «Բանաստեղծութեան Իշխան» տիտղոսը, նաեւ ճանչցուած է որպէս «Հնչեակի (Սոնէթ) վարպետ»:

Ծնած է Պոլիս 1878-ին: Ուսանած է Պոլսոյ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: 1896-ի Համիտեան ջարդերէն (Որուն զոհ գացին 300 հազար անմեղ հայեր) ետք, շատերու նման կը լքէ Պոլիսը եւ կ՛անցնի Եւրոպա, ապա կը հաստատուի Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր կ՛ունենայ նշանակալի գրական-հրապարագրական գործունէութիւն:

Սուլթան Ապտուլ Համիտի անկումէն եւ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք 1908-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, սակայն 1914-ին կը լքէ զայն դարձեալ ու կը վերադառնայ Գահիրէ, այդ ձեւով կը փրկուելով 1915-ի ջարդերէն:

Կը հիմնէ «Շիրակ» պարբերաթերթը: Իր խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Ժողովուրդի Ձայն» թերթը, իսկ «Արեւ»ը կը շարունակէ խմբագրել մինչեւ իր մահը: Իր գործերէն են՝ Հոգեր, Հրաշալի Յարութիւն, Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյս, Սէր, Հայերգութիւն, Տաղարան եւ այլք:

Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը գրական գոհար մըն է: Իր բանաստեղծութիւնները փիլիսոփայական միտքերու շտեմարան մըն են: Մակերեսային ընթերցումը բաւարար չէ լրիւ ըմբոշխնելու համար իր բանաստեղծութեանց նեկտարը, պէտք է ընթերցողը փորձէ թափանցել եւ հասկնալ անոր տողատակ ըսուած միտքերը:

Թէքէեան վախճանեցաւ եւ թաղուեցաւ Գահիրէի հայոց գերեզմանատունը 1945-ին:

Երկու նմոյշ իր բանաստեղծութիւններէն.

«Եկեղեցին Հայկական, մէն մի քարին տակ գետնի,
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի:
Եկեղեցին Հայկական, Հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահանդերձն է փայլուն,
Մինչ իր խաչերն են դաշոյն եւ զանգակներն են բոմբիւն
Եւ երգն է մի՛շտ յաղթութիւն»: («Եկեղեցին Հայկական»)

«Թող սասանին ու փշրին բարձր բերդերն անառիկ
Եւ իյնան վար պատնէշներն զրահապատ եսութեանց,
Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ,
Թող պարտէզները բացուին եւ թող խուժեն հոն մարդիկ,
Բայց չկոտրեն ոչ մէկ ծառ, չճզմեն ոչ մէկ ծաղիկ»: («Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ»)

Յ.Մ.