105-րդ Տարելից
Ես հայոց ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած ու վերապրած Զէյթունցի ծնողներուս ժառանգորդն եմ, նաեւ անոնց մէջ ցմահ արմատացած վրէժխնդրութեան ժառանգորդը: Ես ալ, բոլորիս նման, կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ ու այս ոգիով ալ դաստիրակած եմ իմ զաւակներս:
Կը ՅԻՇԵՄ Հայոց Մեծ Եղեռնը, որուն 105-րորդ տարելիցն է այս տարի եւ ամբողջ աշխարհէն կը ՊԱՀԱՆՋԵՄ որ մէկդի դնեն կողմնակի հաշիւները եւ յանուն արդարութեան ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դատապարտեն ցեղասպան թուրքը եւ պարտադրեն Թուրքիոյ կառավարութեան, որ իրենց նախնիներուն կողմէ գրաւուած ու թալանուած մեր պապենական հողերը վերադարձնեն իրենց օրինական տէրերուն եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն արեան գինը վճարեն:
Յատուկ ծրագրաւորուած հայաջինջ քաղաքականութեան զոհ գացին մեր բազմահազար երիտասարդները, որոնք զինակոչուեցան ու սպանուեցան: Ապրիլ 24- ին մեր ամբողջ մտաւորականութիւնը՝ գրողներ, դասախօսներ, Իրաւաբաններ, տնօրէններ, ոուսուցիչներ, թերթերու խմբագիրներ, լրագրողներ, բժիշկներ, դեղագործներ… մօտ 700 հոգի ձերբակալեցին ու զանոնք զանազան ձեւերով ոչնչացուցին, իսկ անտէր, անգլուխ մնացած ժողովուրդն ալ տեղահանեցին ու անոնց մեծ մասն ալ գաղթի ճամբուն վրայ ինկաւ: Ու այս բոլորէն ետք, տակաւին Թուրքիան կը պնդէ, որ եղածը ցեղասպանութիւն չէր:
Գրիգոր Զոհրապ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Թլկատինցի, Երուխան… Մեր նահատակ գրագէտներու ոսկեշղթայի գոհարները, որոնցմով կրնար հպարտանալ որեւէ ազգ, թուրքերը ամենաանասնական ձեւերով վարուեցան անոնց հետ, զանոնք յանձնելով սովորական մարդասպաններու, որոնք Զոհրապի գլուխը ճզմեցին քարով, Վարուժանին մարմինը յօշոտեցին, ու այսպէս փորձեցին սպանել հայոց հանճարը, սակայն չյաջողեցան: Չյաջողեցան, որովհետեւ վերածաղկեցաւ հայոց կեանքի ծառը, ունեցանք Ազատ-անկախ Հայաստան մը եւ աշխարհատարած սփիւռքահայութիւն մը, ուր իրերայաջորդ սերունդներ հասակ կ՛առնեն եւ պահանջատիրութեան ջահը իրարու կը փոխանցեն:
Հայոց Մեծ Եղեռնի 105-րդ տարելիցին առթիւ, կը խոնարհինք մեր սրբացուած նահատակներու յիշատակին առջեւ ու կ՛ուխտենք պայքարը շարունակել մինչեւ արդարութեան վերջնական յաղթանակ:
Յ. Մ.