Հնվ 3, 2022 | Հայ մեծեր
1905 – 1995
Գրագէտ, բանաստեղծ, լեզուաբան, թարգմանիչ, խմբագիր: Ծնած է Տրապիզոն 1905-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Ապա՝ համալսարանական ուսումը՝ ԱՄՆ-ի Քանզասի համալսարանին մէջ:
Մեծ Եղեռնի օրերուն կը կորսնցնէ ծնողքը. Յոյն բարեկամ բժիշկ մը կը պատսպառէ 4 որբերը: 1916-ին կը փոխադրուի Պաթում, ապա Կրասնոտար: 1918-ի զինադադարէն ետք, կը հասնի Պոլիս, ապա՝ Արմաշ:
1919-ին կ’որոշէ ընկերներուն հետ Հայաստան երթալ, բայց երբ Կարսը կը գրաւուի, ինք եւ իր ընկերները կը մնան թափառական:
1920-ի դարձեալ Պոլիս, կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան: Ուսանած շրջանին կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնը, որ կ’արժանանայ Օշականի եւ Թէքէեանի ուշադրութեանց: 1922-ին կը հասնի ԱՄՆ, ուր կը շարունակէ իր համալսարանական ուսումը:
Իր միակ հայերէնով գրուած բանաստեղծութեանց ժողովածուն՝ «Լոյս Զուարթ»ն է, անկէ ետք կը գրէ անգլերէնով:
Եղեռնի մասին իր յուշերը կը պատմէ “I Ask You Ladies And Gentlemen” («Ձեզի Կը Դիմեմ, Տիկնա՛յք եւ Պարոնա՛յք») վաւերագրական վէպը մեծ հռչակ կը բերէ իրեն:
1958-1969 թթ. գրականութիւն կը դասախօսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ: Սիւրմէլեանի շատ սիրուած մէկ բանաստեղծութիւնը ծառ մը տնկելու մասին է. բանաստեղծութիւնը կ’աւարտի հետեւեալ տողով.
«Մեռելներուս իբրեւ խաչ, ես այս ծառը տնկեցի»:
Յ. Մ.
Դկտ 2, 2021 | Հայ մեծեր
1926 –
Պոլսահայ բաւական անուանի գրողներ ունեցած ենք, (Զահրատ, Զ. Խրախունի, Զ. Պիպէռեան…), որոնց նահապետը կը նկատուի Ռ. Հատտէճեանը:
Գրող, թերթի խմբագիր, հրապարակագիր: Ծնած է Պոլիս (Իսթանպուլ) 1926-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Յաճախած է Պոլսոյ Համալսարանը եւ հետեւած փիլիսոփայութեան ճիւղին:
1967-ին կը ստանձնէ «Մարմարա» թերթի խմբագրութիւնը, որ կը շարունակէ մինչեւ այսօր: 1981-ին Մարմարայի մէջ կը սկսի հրատարակել իր խոհագրութիւնները (Էսսէ) «Յուշատետր խորագրին տակ: Տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր այս յօդուածները տասնեակ գիրքերու մէջ կ՛ամփոփէ: Անոնք մեծ սիրով կ՛ընթերցուին:
1983-ին կը հրատարակէ իր գլուխ գործոցը՝ «Առաստաղ»ը:
Շատ առատ արտադրող եղած է, ունի մեծ թիւով գիրքեր, որոնցմէ յիշենք՝
- «Կեանքի մը երեք կիրակիները« թատրոն:
- «Հազար տարի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ»:
- «Իսթանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան վէպը»:
- «Առագաստ դէպի բանաստեղծութիւն»:
- «Քանի մը ծառեր անտառին մէջ»:
- «Կեանք խմբագրատան մէջ»:
- «Զրոյց հինցած գրիչի մը հետ»:
- «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ»:
Պարգեւատրուած է եւ ստացած բազմաթիւ շքանշաններ, որոնցմէ յիշենք՝
ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանը:
«Ֆրիտիոֆ Նանսէնի» անուան ոսկեայ շքանշանը:
Հայաստանի լրագրողներու կողմէ «Ոսկէ գրիչ» շքանշանը:
ՀՀ Նախագահի կողմէ «Մ. Մաշտոց» ոսկեայ ադամանդակուռ շքանշանը:
Ռ. Հատտէճեան 95 տարեկան է ու կը շարունակէ գրել:
Յ. Մ.
Նյմ 1, 2021 | Հայ մեծեր
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
1926 – 2015
Արեւմտահայ բանաստեղծ, ուսուցիչ, խմբագիր:
Բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան:
Ծնած է Պոլիս 1926-ին, նախնական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, փոքր տարիքէն կը յաճախէ Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը, որուն ընթացքը կ՛աւարտէ 1945-ին:
Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պոլսոյ համալսարանին մէջ, հետեւելով իրաւագիտութեան եւ գրականութեան ֆաքիւլթէթի փիլիսոփայութեան ճիւղին: Փարիզի մէջ կը հետեւի նաեւ նկարչութեան:
Պոլսոյ մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ Եսայեան վարժարանի եւ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ, որուն զուգահեռ կը կատարէ նաեւ խմբագրական աշխատանքներ:
Զահրատի հետ կը նկատուի պոլսահայ նորարար բանաստեղծ: Պարգեւատրուած է գրական շարք մը մրցանակներով: Իր գրական բերքը եղած է բաւական առատ: Անոնցմէ յիշենք՝
Տօնակարգ, Զբօսապտոյտ, Դիւցազնահանդէս, Ուղիներ, Ազատերգութիւն, Քար Հայաստանի, Մեսրոպատօն, Տօնազանգ, Տօնականչ, Կաթիլներ-կաթիլներ եւ այլն:
Մահկանացուն կնքած է 2015-ին, 89 տարեկանին:
ԿԱՆՉ (Հատուած մը բանաստեղծութենէն)
Երբ խումբով կը շրջէինք
Գեղարդ, Գառնի ու Սեւան
կամ Զուարթնոց, Օշական,
կը կարծէի ձայներ լսել
ճիչեր կանչեր անձկալի
հեռուէ հեռու արձագանգող
աղաղակներ թախծագին
որոնք սակայն
անպատասխան կը մնային
ամէնքն ալ…
Հկտ 2, 2021 | Հայ մեծեր
1902 — 1980
Սփիւռքահայ վիպասան, խմբագիր, արձակագիր: Ծնած է Թուրքիոյ Օրտու քաղաքը 1902-ին: Բուն անունով Զարեհ Էօքսիւզեան: Հայրը սպանոպւած է Մեծ Եղեռնի ժամանակ: Մայրը չորս զաւակներով, առագաստանաւով կրցած է փախչիլ եւ հասնիլ Ղրիմ: Այնտեղէն անցած են Պոլիս, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան: Իսկ 1922-էն հաստատուած է Ֆրանսա, սկիզբը Մարսիլիա, ապա՝ Փարիզ: Եղած է ագահ ընթերցող, որու միջոցով ալ ծանօթացած է ֆրանսացի անուանի գրողներուն ու անոնց գործերուն:
Իր առաջին ստեղծագործութիւնը «Գարուն» վերնագրով լոյս կը տեւնէ Վ. Թէքէեանի խմբագրած «Ժողովուրդի ձայն» թերթին մէջ: Կը հրատարակէ « Նոր Հաւատք» հանդէսը եւ «Լուսաբաց» ամսաթերթը:
Աշխատակցած է շարք մը գրական թերթերու եւ հանդէսներու: Որոնց մէջ լոյս տեսած են իր գրութիւնները:
Հալածուածները (4 հատոր՝ Փորձը, Թեկնածուն, Ասֆալթը, Սովորական օր մը)
-Վարձու սենեակ
-Դէպի երկիր
-Անձրեւոտ օրեր
-Եւ եղեւ մարդ
Զարեհ Որբունի կը մահանայ Ֆրանսայի մէջ 1980-ին:
Սպտ 6, 2021 | Հայ մեծեր
1893 — 1938
Արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակագիր, թատերագիր:
Ծնած է Խարբերդ 1893-ին: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Թլկատինցիի վարժարանին մէջ: 1908-ին կ՛անցնի Պոլիս, ապա Փարիզ 1909-ին, անկէ ետք ալ կը հաստատուի ԱՄՆ-ի մէջ ու վիսքոնսըն համալսարանին մէջ կը հետեւի գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան:
Որպէս իսկական հայրենասիրական դրսեւորում, 1915-ին 400 ամերիկահայ կամաւորներու հետ կ՛ուղղուի Կովկասեան ճակատ, մասնակցելու համար կովկասեան պատերազմին զօրավար Անդրանիկի մարտական խումբին հետ, ի պաշտպանութիւն Հայաստանի: Կը խմբագրէ Անդրանիկի «Հայաստան» թերթը:
1938-ին կը գնդակահարուի, շարք մը հայ մտաւորականներու նման (Չարենց, Բակունց, Զ. Եսայեան…) զոհ դառնալով ստալինեան «մաքրագործումներուն»:
Երկար է ցանկը իր ստեղծագործական աշխատանքներուն, սակայն յիշենք ամենասիրուած իր մէկ գործը՝ «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ», 1933:
Թելադրելի է, որ այս գիրքը կարդան աշակերտները:
Յ. Մ.
Ապր 30, 2021 | Հայ մեծեր
1861-1915
Ապրիլեան նահատակներու ամենալուսաւոր, ամենապայծառ անհատականութիւնը՝ Գրիգոր Զօհրապ ծանօթ է գրականութեան մէջ, որպէս «Նորավէպի Իշխան»:
Գրող, ճարտարապետ, փաստաբան, քաղաքագէտ Զոհրապ ծնած է Պոլիս 1861-ին: Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Պէշիկթաշի Մաքրուհեանց վարժարանին մէջ, ճարտարապետութեան կը հետեւի եւ կը վկայուի Գալաթասարայի ֆրանսական համալսանէն, ապա Ստամպուլի համալսարանին մէջ կը հետեւի իրաւաբանութեան ճիւղին եւ կը վկայուի 1884-ին:
Եղած է Թուրքիոյ մեծագոյն իրաւաբաններէն մին: Մաս կազմած է Թրքական Փարլամենդին, ինչպէս նաեւ Թրքահայոց Ազգային ժողովին:
Իր գրականութիւնը իրապաշտ է, իր գեղեցիկ պատմուածքներով հետեւած է նորավիպագրութեան եւ կոչուած է «Նորավէպի Իշխան»: Աշխատակցած է «Արեւելք» եւ «Մասիս» թերթերուն: Իր առաջին վէպը եղած է «Անհետացած Սերունդ մը», ապա գրած է «Նարդիկ» վերնագրով վէպ մը, որ մնացած է անաւարտ:
Իր պատմուածքները ամփոփուած են երեք հատորներու մէջ՝
- Կեանքը ինչպէս որ է
- Լուռ ցաւեր
- Խղճմտանքի ձայներ
Տեսնելով հայկական գաւառներուն մէջ հայերու տեղահանութիւններն ու ջարդերը, Թալաթ փաշային ըսած է, «Թալաթ Փաշա, այս եղածներուն համար օր մը պատասխան պիտի տաս», փաշան ըսած է «Որո՞ւ պատասխան պիտի տամ«, Զօհրապ ըսած է «Ինծի՛» եւ ատոր համար ալ հակառակ որ շատ մօտ բարեկամն էր Թալաթ Փաշային, Ապրիլ 24-ի գիշերը ձերբակալուած է, տարուած է Հալէպ, անկէ ալ Ուրֆա դատուելու համար, սակայն ճամբան սպանած են զինք գլուխը խոշոր քարով մը ջարդելով:
Յ. Մ.