ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ

Այս տարի 135-րդ տարելիցն է հայ գրականութեան փայլուն դէմքերէն բանաստեղծ եւ արձակագիր, բժիշկ Ռուբէն Սեւակի: Բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան:

Ծնած է Պոլիս 1885, Փետրուար 15-ին: Սպանուած է 26 օգոստոս 1915-ին:

Ընդամէնը 30 տարեկան, զոհ կ՛երթայ ցեղասպան թուրքի եաթաղանին, մեր գրականութեան անդաստանի ընկերներուն՝ Վարուժանի, Զոհրապի, Սիամանթոյի եւ հոյլ մը միւս  մեծերու շարքին:

Ուսումը ստացած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, ապա 1905-ին Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի համալսարանէն վկայուած է որպէս բժիշկ: Կ՛ամուսնանայ գերմանուհի Եաննիի հետ եւ կ՛ունենան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ:

Որպէս բժիշկ աշխատելէ ետք Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, 1915,-ին Թուրքիոյ ընդհանուր զօրակոչին արձագանգելով կը վերադառնայ Պոլիս եւ որպէս սպայ կը մտնէ թրքական բանակին մէջ: Օսմանեան թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան ծրագրին մէջ կը բանտարկուի իր սերունդի մտաւորականներուն հետ եւ կ՛աքսորուի Չանղըրը: Առաջարկած են, որ կրօնափոխ ըլլայ եւ ընդունի Իսլամական կրօնը, որպէսզի փրկուի ջարդէն, սակայն ինք կտրականապէս մերժած է: Բանտարկութեան շրջանին բուժած է թուրքի մը պարմանուհի աղջիկը, որ մահուան սեմին էր: Աղջկան հայրը առաջարկած է, որ ամուսնանայ իր աղջկան հետ, որպէսզի այդ ձեւով փրկուի մահէն, սակայն մերժած է եւ Վարուժանին եւ միւսներուն հետ թուրք մարդասպաններու ձեռքով կը խոշտանգուի եւ կը սպանուի 26 օգոստոս, 1915-ին:

Իր մահէն ետք, իր գերմանուհի կինը իր զաւակներուն հետ կ՛երթայ Պոլսոյ Գերմանական դեսպանատունը եւ գերմանական անցագիրը կը նետէ դեսպանին երեսին, ըսելով որ քանի գերմանացիները օգնեցին թուրքերուն եւ մասնակից էին հայկական կոտորածներուն, ինք կը հրաժարի գերմանական հպատակութենէ եւ այսուհետեւ իր զաւակներն ալ որպէս հայ պիտի մեծցնէ:

Իր բանաստեղծական գործերէն են՝ «Սիրոյ Գիրք»ը, «Թրուպատուրներ»ը եւ «Մարդերգութիւն»ը: Իսկ իր պատմուածքներու հատորը կոչած է «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»: Հայաստանի մէջ իր գիրքերը յաճախ տպուած են:

Անդրանիկ Ծառուկեան Ռ. Սեւակի մասին գեղեցիկ վէպ մը ունի՝ «Սէրը Եղեռնի Մէջ»: Կ՛արժէ կարդալ: Գեղեցիկ վէպ մըն է նաեւ Ա. Թօփճեանի գիրքը Սեւակի մասին, որ կոչած է «Եւ Անգամ Մահից Հետո»:

Յ. Մ.

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ

«Գիրքերու Աշխարհը» յօդուածը տպուած է Հալէպ լոյս տեսնող «Գանձասար» շաբաթաթերթի ամանորեայ բացառիկին մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի «Ազգ» շաբաթաթերթի փետրուար 6-ի համարին մէջ։ (ավելին …)

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Լեզուն ազգի գոյատեւման հիմնական ազդակն է, ինքնութեան ժառանգութիւնը, զոր կորսնցնելով, կը կորսնցնենք մեր լինելութեան պահպանման հիմնասիւնը։ Լեզուն նաեւ լեզուամտածողութիւն է, ապրում, ներշնչանք, որուն դրսեւորման ամենավառ վկայութիւնը Վազգէն Շուշանեանի հետեւեալ տողերն են.  (ավելին …)

ՀԱՄԱՍՏԵՂ – 125

ՀԱՄԱՍՏԵՂ – 125

Արեւմտահայ ամենասիրուած գրողներէն արձակագիր-գիւղագիր Համաստեղ, բուն անունով Համբարձում Կելէնեան, ծնած է Խարբերդի գիւղերէն Մեզրէի մէջ 1895, Նոյեմբեր 26-ին: Մէկ ուրիշ սիրուած արձակագիր Վահան Թոթովենցիի հայրենակիցն է: (ավելին …)

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան

Երկրորդ յոբելեարը Հայր Ղեւոնդ Ալիշանն է: Թէեւ այստեղ «հայր»-ը չեն յիշեր, սակայն անոր անունէն անջատել չ՛ըլլար, քանի որ գիտակցական իր ամբողջ կեանքը անցուցած է որպէս վանական, Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ: (ավելին …)

Դպրոցը սիրելու եւ կրթությունը արժեւորելու նախապայմանը կամ՝ Ո՞վ է մեղավոր…

Դպրոցը սիրելու եւ կրթությունը արժեւորելու նախապայմանը կամ՝ Ո՞վ է մեղավոր…

Յուրաքանչյուր հայր կամ մայր, յուրաքանչյուր ուսուցիչ անկեղծորեն ցանկանում է, որ մեր երեխաները դառնան բազմակողմանիորեն զարգացած, ֆիզիկապես առողջ, կարգապահ, բարոյապես կայուն մարդիկ՝ անսահմանորեն նվիրված մեր հայրենիքին: Այդուհանդերձ, սակայն, այսօր ծնողների մեծամասնությունը չի պատկերացնում երեխաների դաստիարակության վերջնական նպատակները: (ավելին …)