ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ

Այս տարի ծննդեան 200-ամեակն է հայ երկու մեծ կղերականներու՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի եւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի, որոնց դերը մեծ եղած է մեր եկեղեցական-ազգային պատմութեան մէջ: Այսօր փորձենք յակիրճ կերպով ներկայացնել Խրիմեանը, Ալիշանը ձգելով յաջորդ հաղորդագրութեան: (ավելին …)

ՏԱՐԻՆ ԻՐ ԷՋԵՐԸ ՉՓԱԿԱԾ

ՏԱՐԻՆ ԻՐ ԷՋԵՐԸ ՉՓԱԿԱԾ

Տարին իր էջերը չփակած, եկէք անգամ մըն ալ հաղորդուինք Թումանեանի իմաստասիրական գոհարներով՝ իր քառեակներով, որոնք, մակերեսային ընթերցողի մը համար գուցէ շատ սովորական միտքեր թուին, սակայն խորաթափանց ընթերցողին համար շատ ուսանելի գաղափարներ կը պարունակեն: (ավելին …)

ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ

ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ

Թումանեան թանգարանը շարունակելով իր անուան տիրոջ յոբելենական տարեդարձին առթիւ միջոցառումներ կազմակերպել, ի շարս այլ հրատարակութիւններու, վերջերս  լոյսին բերաւ նոր գիրք մը՝ Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններու ժողովածու մը, որ արեւմտահայերէնի փոխադրած է իր հասակակիցն ու գրչակից Վերնատունականը՝ Լեւոն Շանթ, որուն ալ ծննդեան 150 – ամեակն է: (ավելին …)

Թարգմանչաց տոնը

Թարգմանչաց տոնը

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Աշխարհի մէջ ոչ մէկ ժողովուրդ ունի նման տօն մը, սակայն հայերը, թէ՛ հայկական եկեղեցին եւ թէ՛ հայկական կազմակերպութիւններն ու յատկապէս հայկական դպրոցները Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հոկտեմբեր ամսուն, յատուկ շուքով կը յիշատակեն այս տօնը, որ կապուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն անուան: (ավելին …)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

(1869 – 1951)

2019 տարին հարուստ եղաւ յոբելենական 150 – ամեայ տարեդարձներով Յ. Թումանեանի, Կոմիտաս վարդապետի, Լեւոն Շանթի, Ե. Օտեանի, մեծ բարերար Գ. Կիւլպէնկեանի եւ անուանի ծովանկարիչ Վ. Մախոխեանի: (ավելին …)

ԵՐՈՒԱՆԴ  ՕՏԵԱՆ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

(1869 — 1926)

2019 տարին բեղմնաւոր տարի է, քանի որ ան կը զուգադիպի հայ անուանի անձնաւորութիւններու ծննդեան 150-ամեակին: Արդարեւ, 1869-ի ծնունդ են Մեծն Կոմիտասն ու Յովհաննէս Թումանեանը, Երուանդ Օտեանն ու Լեւոն Շանթը, Գալուստ Կիւլպէնկեանն ու Վարդան Մախոխեանը: (ավելին …)