Զարեհ Խրախունի

Զարեհ Խրախունի

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

1926 – 2015

Արեւմտահայ բանաստեղծ, ուսուցիչ, խմբագիր:

Բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան:

Ծնած է Պոլիս 1926-ին, նախնական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, փոքր տարիքէն կը յաճախէ Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը, որուն ընթացքը կ՛աւարտէ 1945-ին:

Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պոլսոյ համալսարանին մէջ, հետեւելով իրաւագիտութեան եւ գրականութեան ֆաքիւլթէթի փիլիսոփայութեան ճիւղին: Փարիզի մէջ կը հետեւի նաեւ նկարչութեան:

Պոլսոյ մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ Եսայեան վարժարանի եւ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ, որուն զուգահեռ կը կատարէ նաեւ խմբագրական աշխատանքներ:

Զահրատի հետ կը նկատուի պոլսահայ նորարար բանաստեղծ: Պարգեւատրուած է գրական շարք մը մրցանակներով: Իր գրական բերքը եղած է բաւական առատ: Անոնցմէ յիշենք՝

Տօնակարգ, Զբօսապտոյտ, Դիւցազնահանդէս, Ուղիներ, Ազատերգութիւն, Քար Հայաստանի, Մեսրոպատօն, Տօնազանգ, Տօնականչ, Կաթիլներ-կաթիլներ եւ այլն:

Մահկանացուն կնքած է 2015-ին, 89 տարեկանին:

ԿԱՆՉ (Հատուած մը բանաստեղծութենէն)

Երբ խումբով կը շրջէինք
Գեղարդ, Գառնի ու Սեւան
կամ Զուարթնոց, Օշական,
կը կարծէի ձայներ լսել
ճիչեր կանչեր անձկալի
հեռուէ հեռու արձագանգող
աղաղակներ թախծագին
որոնք սակայն
անպատասխան կը մնային
ամէնքն ալ…

 

 

Զարեհ Որբունի

Զարեհ Որբունի

1902 — 1980

Սփիւռքահայ վիպասան, խմբագիր, արձակագիր: Ծնած է Թուրքիոյ Օրտու քաղաքը 1902-ին: Բուն անունով Զարեհ Էօքսիւզեան: Հայրը սպանոպւած է Մեծ Եղեռնի ժամանակ: Մայրը  չորս զաւակներով, առագաստանաւով  կրցած է փախչիլ եւ հասնիլ Ղրիմ: Այնտեղէն անցած են Պոլիս, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան: Իսկ 1922-էն հաստատուած է Ֆրանսա, սկիզբը Մարսիլիա, ապա՝ Փարիզ: Եղած է ագահ ընթերցող, որու միջոցով ալ ծանօթացած է ֆրանսացի անուանի գրողներուն ու անոնց գործերուն:

Իր առաջին ստեղծագործութիւնը «Գարուն» վերնագրով լոյս կը տեւնէ Վ. Թէքէեանի խմբագրած «Ժողովուրդի ձայն» թերթին մէջ: Կը հրատարակէ « Նոր Հաւատք» հանդէսը եւ «Լուսաբաց» ամսաթերթը:

Աշխատակցած է շարք մը գրական թերթերու եւ հանդէսներու: Որոնց մէջ լոյս տեսած են իր գրութիւնները:

Հալածուածները (4 հատոր՝ Փորձը, Թեկնածուն, Ասֆալթը, Սովորական օր մը)

-Վարձու սենեակ

-Դէպի երկիր

-Անձրեւոտ օրեր

-Եւ եղեւ մարդ

Զարեհ Որբունի կը մահանայ Ֆրանսայի մէջ 1980-ին:

Երբ մենթոր են դառնում դպրոցականները

Երբ մենթոր են դառնում դպրոցականները

Երեխաների մեջ համագործակցելու կարեւորությունն ու անհրաժեշտությունը, դրա արդյունքից ստացած հաճույքը պետք է ներարկել դպրոցից, եւ այդ նրանց կուղեկցի ամբողջ կյանքում, ու նրանք կդառնան հասարակության համար առավել պիտանի ու մարդասեր քաղաքացիներ։ (ավելին …)

Վահան Թոթովենց

Վահան Թոթովենց

1893 — 1938

Արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակագիր, թատերագիր:

Ծնած է Խարբերդ 1893-ին: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Թլկատինցիի վարժարանին մէջ: 1908-ին կ՛անցնի Պոլիս, ապա Փարիզ 1909-ին, անկէ ետք ալ կը հաստատուի ԱՄՆ-ի մէջ ու վիսքոնսըն համալսարանին մէջ կը հետեւի գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան:

Որպէս իսկական հայրենասիրական դրսեւորում, 1915-ին 400 ամերիկահայ կամաւորներու հետ կ՛ուղղուի Կովկասեան ճակատ, մասնակցելու համար կովկասեան պատերազմին զօրավար Անդրանիկի մարտական խումբին հետ, ի պաշտպանութիւն Հայաստանի: Կը խմբագրէ  Անդրանիկի «Հայաստան» թերթը:

1938-ին կը գնդակահարուի, շարք մը  հայ մտաւորականներու նման (Չարենց, Բակունց, Զ. Եսայեան…) զոհ դառնալով ստալինեան «մաքրագործումներուն»:

Երկար է ցանկը իր ստեղծագործական աշխատանքներուն, սակայն յիշենք  ամենասիրուած իր մէկ գործը՝ «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ», 1933:

Թելադրելի է, որ այս գիրքը կարդան աշակերտները:

Յ. Մ.

ՅԻՇԵՆՔ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ

ՅԻՇԵՆՔ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ

Այս տարի Ապրիլ 24-ը տարբեր էր: Տարբեր էր, որովհետեւ ԱՄՆ-ի նախագահը խոստացեր էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ իսկապէս ալ խոստումը յարգեց, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ հայկական կոտորածները որակելով «Ցեղասպանութիւն». ոչ նախկին չորս նախագահներուն նման, որոնք խոստացան, բայց չյարգեցին:

Թէ ինչ պիտի հետեւի այս ճանաչողութեան, բարին կը յուսանք եւ կը սպասենք:

Հայ ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է աշխարհի ամէն կողմ, սակայն այս ուրախ տրամադրութեան մէջ յանկարծ չմոռնանք մեր յարգանքի եւ խոնարհումի տուրքը մատուցանել մեր նահատակուած եւ սրբագործուած անմեղ զոհերու յիշատակին, եւ յատկապէս մեր մտաւորական սերուցքին, որոնք հարիւրներով Գողգոթայ ճանապարհը բռնեցին Ապրիլ 24-ի գիշերը: Թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը իր իսկ օրրանին մէջ եւ ատոր համար ալ անհրաժեշտ էր «գլխատել» զայն, մահուան գիրկի ուղարկելով անոր ղեկավար տարրը:

Գրողներ, թերթերու խմբագիրներ, արուեստագէտներ, դպրոցներու տնօրէններ, բժիշկներ… մօտ 700 ընտրեալ մտաւորականներ ձերբակալուեցան եւ սպանուեցան ամենադաժան եւ ամենավայրագ, թրքավայել ձեւերով եւ միջոցներով:

Մեծ իրաւաբան, նորավէպի իշխան Գրիգոր Զոհրապին գլուխը ջարդեցին հսկայ քարով մը, երբ այդ գլուխը արժանի էր զարդարուելու դափնեպսակով: Դանիէլ Վարուժանին մարմինը յօշօտեցին: Սիամանթօն, Թլկատինցին, Ռ. Սեւակը, Ռ. Զարդարեանը- Երուխանը, Տ. Չէօկիւրեանը, Տ. Քելէկեանը… Կոմիտաս, որուն երաժշտական հանճարը ծանօթ էր եւ գնահատուած օտարներու կողմէ,  փրկուեցաւ անոնց միջամտութեամբ, սակայն կորսնցուց իր մտային հաւասարակշռութիւնը եւ մինչեւ իր վախճանումը՝ քսան տարի մնաց Փարիզի հոգեբուժարանի մը  մէջ:

Յարգանք անոնց յիշատակին: Հայ դպրոցական աշակերտն ու համալսարանական ուսանողը պարտի միշտ յիշել մեր նահատակները եւ աշխատիլ յանուն արդարութեան իր լուման դնել հայ դատի գանձանակին մէջ:

Յ. Մ.