(1920-2013)

Թէեւ այս շարքը սկսայ ծանօթացնելու համար արեւմտահայ գրողներ, որոնք յոբելենական տարեդարձներ ունէին ընթացիկ տարին, սակայն աւելորդ չեմ նկատեր ներկայացնել նաեւ անուանի արեւմտահայ գեղանկարիչ մըն ալ, որ գրիչի փոխարէն, վրձինով կը կատարէ իր բացառիկ յօրինումները:

Այս տարի ծննդեան 100 ամեակն է Ֆրանսահայ անուանի գեղանկարիչ Ժանսեմի:

Բուն անունիվ Յովհաննէս- Ժան Սեմէրճեան, ծնած է Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքին մէջ, 9 Մարտ, 1920-ին: Աւարտած է Ֆրանսայի Գեղեցիկ Արուեստներու ակադեմիան, իր գեղանկարներով ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաննհերու: Անդամ էր Հայաստանի Արուեստի եւ Գիտութեան Ազգային Ակադեմիային:

Ժանսեմի նկարներուն մէջ, ուր բաց գոյներն են ընդհանրապէս իշխողները, այնպիսի եթերային թափանցկութիւն մը կու տան իր տիպարներուն, որ կարծես, ինչ որ, երազային էակներ են, որոնց հոգիներէն ներս կարելի է դիւրութեամբ մուտք գործել:

Հայոց Մեծ Եղեռնին նուիրուած 36 գեղանկարներու շարք մը ունի, որոնք ամբողջը նուիրած է Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանին:

Այդ նկարներուն կրկնօրինակները Հալէպի մէջ պատճէնահանուեցան եւ զետեղուեցան Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրին մէջ: Սուրիական պատերազմի օրերուն, Թուրքիոյ դրդումով ահաբեկչական խումբեր ռմբակոծեցին համալիրն ու քար ու քանդ դարձուցին զայն:

Ժանսեմ իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց 27 Օգոստ, 2013-ին Ֆրանսայի մէջ:

Յ. Մ.