Թումանեան թանգարանը շարունակելով իր անուան տիրոջ յոբելենական տարեդարձին առթիւ միջոցառումներ կազմակերպել, ի շարս այլ հրատարակութիւններու, վերջերս լոյսին բերաւ նոր գիրք մը՝ Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններու ժողովածու մը, որ արեւմտահայերէնի փոխադրած է իր հասակակիցն ու գրչակից Վերնատունականը՝ Լեւոն Շանթ, որուն ալ ծննդեան 150 – ամեակն է:
Թէ ի՞նչն է մղած Շանթին, որ կատարէ այս օգտաշատ աշխատանքը, պարզ է՝ Սփիւռքահայ, յատկապէս թրքահայ մանուկներուն քիմքերն ալ հաղորդ դարձնել Մեծ Լորեցիի այնքան սիրելի ստեղծագործութիւններուն:
Հետաքրքրականը սակայն, գեղեցիկ ու սրտառուչ նկարազարդումներն են ծաւալուն այս գիրքին, որոնք կատարած են հայ դպրոցական մանուկներ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Թուրքիայէն ու Յունաստանէն: Թէեւ Թանգարանի տնօրէնութիւնը հրաւէր ուղղած է շատ աւելի թիւով երկիրներ ու դպրոցներ, սակայն, ինչ-ինչ պատճառներով անոնց մասնակցութիւնը չէ ապահովուած:
Պատկերացուցէ՛ք, կարկինը որքան լայն բացուած է ու իր շրջագիծին մէջ ներառած է հայկական վարժարաններու պատկառելի ցանց մը եւ մեծ թիւով մանուկներ, որոնք կարդացած են Թումանեանի գործերը ու իրենց մատղաշ մատիկներով նկարազարդած են բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, պատմուածքներ, առասպելներ ու դիւցազներգութիւններ:
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի 8 – ին, թանգարանի դահլիճին մէջ, որու ընթացքին Խօսք առին Թանգարանի տնօրէնուհի Տիկ. Անի Եղիազարեանը, գիրքին մեկենասն ու Թանգարանի բարեկամ Պրն. Յ. Միքայէլեանը, որոնք անդրադարձան այս գործին մղում տուող նպատակին, անոր շահեկանութեան ու կարեւորութեան: