(1869 – 1951)

2019 տարին հարուստ եղաւ յոբելենական 150 – ամեայ տարեդարձներով Յ. Թումանեանի, Կոմիտաս վարդապետի, Լեւոն Շանթի, Ե. Օտեանի, մեծ բարերար Գ. Կիւլպէնկեանի եւ անուանի ծովանկարիչ Վ. Մախոխեանի:

Թումանեանն ու Կոմիտասը արդարօրէն իրենց վրայ սեւեռեցին լուսարձակները եւ քիչ մը շուքի մէջ մնացին միւսները, հակառակ որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցաւ իր ասպարէզին մէջ:

Լեւոն Շանթ, բանաստեղծ, թատերագիր, մանկավարժ, պետական-հասարակական գործիչ, բուն անունով Լեւոն Սեղբոսեան, ծնած է Կ. Պոլիս 1869-ի ապրիլ 6-ին: Ուսանած է Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ապա համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Լայբցիկի, Ենայի եւ Միւնիխի մէջ, հմտանալով հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ասպարէզներուն մէջ: Զբաղած է ուսուցչութեամբ, սակայն հայ իրականութեան մէջ աւելի ճանաչում գտած է, որպէս թատերագիր եւ քաղաքական գործիչ: Արդարեւ Հայաստանի Ա Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եղած է, ապա փոխնախագահ:

Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, իր համակիրներուն հետ անցած է Պարսկաստան, ապա Ֆրանսա, Եգիպտոս եւ վերջապէս հաստատուած է Լիբանան, ուր կարեւոր դեր ունեցած է Պէյրութի ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ, Նիկոլ Աղբալեանի կողքին, ինչպէս նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան եւ անոր տպարանին եւ հրատարակչատան:

Իր գրական բերքը եղած է բաւական ակնառու թէ՛ քանակով եւ թէ՛ որակով, յատկապէս իր թատերական գործերը, որոնք յաճախ զարդարած են սփիւռքահայ մեր բեմերը, ինչպէս «Հին Աստուածներ», «Կայսրը», «Օշին Պայլ», «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Շղթայուածը», «Եսի մարդը» եւ այլն:

Եղած է շատ կոճկուած մարդ, չափազանց կարգապահ, դժուար հաղորդակցող: Իր գրականութեան համար կ՛ըսուի, որ «դժուար մատչելի» է, սակայն զարգացած ընթերցողին համար դիւրաւ ընկալելի:

Լ. Շանթ մահացած է եւ թաղուած Պէյրութի մէջ 1951, Նոյ. 18-ին: