Աւետիսեան Դպրոցի Շրջանաւարտից Հանդիսութիւն

Բարի Երեկոյ Յարգելի Հիւրեր եւ Ծնողներ,

Կ’ողջունեմ ձեր բոլորին ներկայութիւնը այս աւարտական հանդիսութեանը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի տրուած այս առիթին համար փոխանձելու իմ խօսքս:

Կրթական միջավայրը ընդհանրապես հոգեհարազատ է եղած ինծի համար որպէս երկարամեայ մանկավարժ ու դաստիարակ: Այդ զգացումը կրկնակի շեշտուեցաւ իմ մէջս այսօր, որովհետեւ կը գտնուիմ հայրենի հողի վրայ Խորեն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան համալիրէն ներս:

Այսօր կը համարեմ հպարտանքի, գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի օր: Հպարտանքի օր, որովհետեւ մեր առաջ պարզուած այս գեղեցիկ պատկերը, աւարտական համազգեզտներով զարդարուած, գոհացում ցայտող աջքերով նստած, մեր ապագայի գիտնականներն ու առաջնորդները ինչպես չյառաչացնեն մեզմէ իւրաքանջիւրին մէջ պարծանքի զգացումներ: Ինչպէս հնարաւոր է չգնահատել տարուած հաւաքական ջանքերը Աւետիսեան դպրոցի ուսանողներուն, տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, պաշտօնէութեան եւ համակարգող մարմնին հասնելու համար այս արդիւնքին: Այսօր, առիթն է նաեւ շնորհաւորելու մեր աւարտականներուն իրենց արձանագրած բացառիկ յաջողութիւններուն համար: Նախ ամբողջացնելով աւագ դպրոցի կրթական ծրագիրը, դժուարին պայմաններու մէջ, աշխարհին սպառնացող Քորոնա ժահրի պատճառաւ, եւ երկրորդ մեր աւարտականներու արժանաբար ընդունումը բարձրորակ բուհերէն ներս:

Սիրելի շրջանաւարտներ,

Կը համարեմ ձեզ բախտաւորներ: Թէ ինչու, որովհետեւ դուք առիթը ունեցաք յաճախելու երազանքի դպրոցը: Ջերմ զարգացման մթնոլորտի մէջ վայելեցիք սիրալիր կապերը ձեր ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն միջեւ, արձանագրեցիք յիշատակելի փորձարութիւններ որոնց մասին հաճոյքով պիտի անդրադարնաք ձեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մէջ:

Դուք ստացաք 21րդ դարու համատասխան բարձորակ կրթութիւն արդիական միջոցներով եւ այս երկուքը չեն համատեղուիր հեշտութեամբ: Դուք ամբարեցիք գիտութիւն, մշակեցիք վերլուծական մտածելակերպ եւ նորարար միտք, անդրադարձաք համագործակցութեան կարեւորութեանը, որպես անհրաժեշտ գործելակերպ, ներկայ դարուս մէջ յաջողութիւն գտնելու համար: Ուղղուեցաք համամարդկային ու քրիստօնէական բարոյական արժեքներու համապատասխան, որոնք կազնուացնեն մարդու սիրտը, կը հանգստացնեն հոգին, եւ կիմաստաւորեն կեանքը: Գուցէ այս խօսքերը այս պահուն շատ չհետագրգրէ ձեզ, բայց կը յուսամ որ ձեր մտքերու ետին փոքր տեղ մը գրաւելով ի յարկին կըլլան օգտակար:

Թէ ինչպես թեւակոխել ուսման նոր հանգրուան մը: Եղեք նպատակասլաց, ունեցէք իրագործելի նպատակներ, վճրական հետեւողականութեամբ յարատեւեցէք ձեր ջանքերուն մէջ իրականացնելու այդ նպատակները որպեսզի անոնք չմնան լոկ երազներ: Ինքնավստահութեամբ շարունակեցէք ձեր ուսումնատենչ ուղղեւորութիւնը եւ զարգացումը ինչպէս թելադրուած է ձեզի ծանօթ ձեր դպրոցի բնաբանին մէջ (Noli Cedere Cognoscere) որպեսզի չխուսաբիք նոր քայլեր առնելու:

Դուք քիչ ետք պիտի ստանաք տարիներու ձեր աշխատանքին արդար պսակումը հանդիսացող վկայականները: Ձեզ կը սպասեն նորութիւններ, յաջողութիւններ եւ կամ չսպասուած արդիւնքներ: Ինչ որ ալ ըլլան այդ պարագաները, թող անոնք պատճառներ չդառնան ձեզ շեղելու ձեր սկզբունքներէն որոնք կամրապնդեն ձեր ինքնութիւնը եւ կը դարձնեն ձեզ լիարժէք մարդկային էակներ: Ուսման եւ գիտութեան նկատմամբ սէրը, հոգեմտաւոր ու մարդկային վսեմ արժէքներուն նկատմամբ յարգանքն ու նուիրումը թող միշտ առաջնորդեն ձեր քայլերը: Գործեցէք բարին, պաշտպանեցեք արդարութիւնը:

Սիրելի 12րդ կարգի աւարտականներ, յոյսով եմ, որ դուք ըստ ձեր մասնագիտական զանազան կողմնորոշումներուն, եւ ստացած քրիստոնէական դաստիարակութեան, մօտիկ ապագային երբ կը դառնաք բժիշկներ, ծրագրաւորողներ, շուկայագէտներ, իրաւաբաններ, լեզուաբաններ, բնապահպաններ, երաժիշտներ, եւ այլն, այդպիսով ձեր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերեք մեր հայրենիքի պահպանման եւ զարգացման երթին :

 

Ամեն յաջող կրթական հաստատութիւն, կ’ունենայ իր տեսլական ունեցող հիմնադիրները, ինչպիսին է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Աւետիսեան դպրոցի պարագային: Անոր հոգատարութիւնը մշտապես կ’եռաշխաւորէ Աւետիսեան դպրոցի յաջողութիւնը որու համար մեծապես շնորհակալ ենք:

Աւետիսեան Վարժարանի յարատեւ զարգացման ճանապարհի ղեկին նստած է բարձր գնահատանքի արժանի վարժարանի տնօրէնուհի ,Տիկին Մելանեա Գեղամեանը որ համագործակցաբար իր որակակաոր ուսուցչական կազմին հետ կապահովէ նորանոր յաջողութիւններ: Կը շնորհաւորեմ Տիկին Մելանեան եւ իր ուսուցչական կազմը:

Կը շնորհաւորեմ նաեւ ձեզ, յարգելի ծնողներ: Դուք հաւատացիք Աւետիսեան դպրոցի առաքելութեան եւ ձեր երեխաներու ուսումը վստահեցաք այս վարժարանին եւ ի հարկին համագործակցեցաք անոր դաստիարակչական արշաւին հետ: Վստահ եմ, որ ձեր ակնկալութիւնները լիարժէք գոհացումի արժանացան:

Եւ վերջապես, ջերմագին շնորհաւորութիւններս բոլորիդ եւ բարի երթ ձեզի սիրելի շրջանաւարտներ:

Շնորհակալութիւն

Դոկտ. Յասմիկ Պարան