Հայրը նստած, ձեռքի թերթին վրայի աշխարհի քարտէսին կը նայի, որուն վրայ կարմիրով նշուած են այն վայրերը, ուր պատերազմներ, կռիւներ, յարձակումներ, սպաննութիւններ, առեւանգումներ, բռնարարքներ, բռնաբառութիւններ եւ նման աղէտներ տեղի կ՛ունենան: Քարտէսը լեցուն է այդ կարմիր նշաններով: Մարդը ջղայնացած կը պատռտէ թերթն ու գետին կը նետէ:

Կէս ժամ ետք, իր 6 տարեկան տղեկը, որ կը խաղար սենեակին մէջ, հօրը կը վերադարձնէ թերթը, քարտէսին կտորները իրար փակած: Մարդը կը շշմի, — տղաս դուն ինչպէ՞ս գիտես այս երկիրներուն տեղերը՝ Ամերիկան, Ափրիկէն, Հնդկաստանը, Աւստրալիան… ինչպէ՞ս կրցար քով- քովի բերել, շտկել ու փակցնել:

Տղեկը զարմանքով կը նայի հօրը ու թերթին միւս երեսը դարձնելով, որուն վրայ մարդու մը նկարը կար, կ՛ըսէ հօրը,- Ես այս մարդուն դէմքը շտկեցի, ես քարտէսը չէի տեսած: Հայրը մեղմ կը ժպտի, որովհետեւ տղեկին ըրածին մէջ խորհուրդ մը կը գտնէ:

***

Ի՞նչ հասկցանք… Հասկցանք այն, որ երբ մարդը շտկենք, ուղղենք, աշխարհն ալ կը շտկուի, կ՛ուղղուի: Չէ՞ որ այդ յիշուած բոլոր աղէտներուն պատճառը մարդն է:

(Համաշխարհային գրականութենէն. գրեցի յիշողութեամբ)

Յակոբ Միքայէլեան