Այս տարի ծննդեան 200-ամեակն է հայ երկու մեծ կղերականներու՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի եւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի, որոնց դերը մեծ եղած է մեր եկեղեցական-ազգային պատմութեան մէջ: Այսօր փորձենք յակիրճ կերպով ներկայացնել Խրիմեանը, Ալիշանը ձգելով յաջորդ հաղորդագրութեան:
Մկրտիչ Խրիմեան Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ ամենակարկառուն դէմքն է, թէ որպէս մեծ եկեղեցական եւ թէ որպէս ազգային-հասարակական գործիչ եւ մտաւորական: Ծնած է 1820, Ապրիլ 4-ին Վանի մէջ: Երիտասարդ տարիքին զբաղած է ուսուցչութեամբ Պոլսոյ մէջ: Վան վերադարձին մահացած գտած է իր ընտանիքի անդամները, որուն պատճառով որոշած է կուսակրօն դառնալ: 1854-ին Վարդապետ ձեռնադրուած է: Եղած է Վանի առաջնորդ եւ առաջին տպագրական մեքենան բերած է ու սկսած հրատարակել «Արծուի Վասպուրական» թերթը:
1869-ին ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարք, ուր հինգ տարի մնալէ ետք, հրաժարած է:
1878-ին մասնակցած է Պեռլինի վեհաժողովին, որպէս հայ ազգի ներկայացուցիչ, ուրկէ վերադարձած է ձեռնունայն ու վշտացած, երբ Թուրքիոյ կողմէ խոստացուած հայկական գաւառներու բարեկարգումներու հարցը զոհ գացած է մեծ պետութեանց քաղաքական հաշիւներուն:
Վեհաժողովէն վերադարձին իր նշանաւոր առականման ճառը արտասանած է «Երկաթէ շերեփի» մասին, ըսելով որ « Ժողովասրահին մէջ հսկայ կաթսայ մը կար հերիսայով լեցուն, անոնք որ երկաթէ շերեփով եկած էին, ստացան իրենց բաժինը, մենք թուղթէ շերեփով գացած էինք, չկրցանք բան մը վերցնել կաթսայէն»: Ու յայտարարած է, որ յոյս դնելու չէ օտարներու վրայ, այլ վստահելու է մեր սեփական ուժին, զինուելու եւ պայքարելու է: Իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայրենիքի պաշտպանութեան: Հեղինակած է շարք մը գրական գործեր, որոնցմէ յիշենք «Դրախտի Ընտանիք»ը, «Սիրաք եւ Սամուէլ»ը, «Պապիկ եւ Թոռնիկ»ը:
1892-ին ընտրուեր է ամենայն Հայոց Կաթողիկոս: Այնքան սիրուած է ժողովուրդին կողմէ, որ իրեն շնորհած են «Հայրիկ» պատուանունը:
Խրիմեամ Հայրիկ կը վախճանի 1907, Հոկտ. 29-ին եւ կը թաղուի Էջմիածնի մէջ: Իր շիրմաքարին վրայ դրուած է երկաթէ շերեփ մը, ի յիշատակ իր պատմական ճառին:
Յ. Մ.