Այս տարի Ապրիլ 24-ը տարբեր էր: Տարբեր էր, որովհետեւ ԱՄՆ-ի նախագահը խոստացեր էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ իսկապէս ալ խոստումը յարգեց, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ հայկական կոտորածները որակելով «Ցեղասպանութիւն». ոչ նախկին չորս նախագահներուն նման, որոնք խոստացան, բայց չյարգեցին:
Թէ ինչ պիտի հետեւի այս ճանաչողութեան, բարին կը յուսանք եւ կը սպասենք:
Հայ ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է աշխարհի ամէն կողմ, սակայն այս ուրախ տրամադրութեան մէջ յանկարծ չմոռնանք մեր յարգանքի եւ խոնարհումի տուրքը մատուցանել մեր նահատակուած եւ սրբագործուած անմեղ զոհերու յիշատակին, եւ յատկապէս մեր մտաւորական սերուցքին, որոնք հարիւրներով Գողգոթայ ճանապարհը բռնեցին Ապրիլ 24-ի գիշերը: Թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը իր իսկ օրրանին մէջ եւ ատոր համար ալ անհրաժեշտ էր «գլխատել» զայն, մահուան գիրկի ուղարկելով անոր ղեկավար տարրը:
Գրողներ, թերթերու խմբագիրներ, արուեստագէտներ, դպրոցներու տնօրէններ, բժիշկներ… մօտ 700 ընտրեալ մտաւորականներ ձերբակալուեցան եւ սպանուեցան ամենադաժան եւ ամենավայրագ, թրքավայել ձեւերով եւ միջոցներով:
Մեծ իրաւաբան, նորավէպի իշխան Գրիգոր Զոհրապին գլուխը ջարդեցին հսկայ քարով մը, երբ այդ գլուխը արժանի էր զարդարուելու դափնեպսակով: Դանիէլ Վարուժանին մարմինը յօշօտեցին: Սիամանթօն, Թլկատինցին, Ռ. Սեւակը, Ռ. Զարդարեանը- Երուխանը, Տ. Չէօկիւրեանը, Տ. Քելէկեանը… Կոմիտաս, որուն երաժշտական հանճարը ծանօթ էր եւ գնահատուած օտարներու կողմէ, փրկուեցաւ անոնց միջամտութեամբ, սակայն կորսնցուց իր մտային հաւասարակշռութիւնը եւ մինչեւ իր վախճանումը՝ քսան տարի մնաց Փարիզի հոգեբուժարանի մը մէջ:
Յարգանք անոնց յիշատակին: Հայ դպրոցական աշակերտն ու համալսարանական ուսանողը պարտի միշտ յիշել մեր նահատակները եւ աշխատիլ յանուն արդարութեան իր լուման դնել հայ դատի գանձանակին մէջ:
Յ. Մ.