Հարաւ գաղթող արագիլները, երբ V ձեւով երամ կազմած կը չուեն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը երբ իր թեւերը կը թափահարէ, անմիջապէս իր ետեւէն թռչողին վեր բարձրանալը կը դիւրացնէ իր ստեղծած օդի պարապութեամբ, այնպէս որ, այսպիսի երամով թռչիլը կ՛արագացնէ անոնց երթը եւ անոնք նուազագոյն 71% աւելի հեռու կրնան թռչիլ, քան իւրաքանչիւրը առանձին: Երբ արագիլ մը դուրս գայ երամէն, կը զգայ որ դանդաղեցաւ, անմիջապէս կը վերադառնայ ու կը միանայ երամին:

Երբ երամին առաջնորդը յոգնի ու ետեւ անցնի, հերթափոխութեամբ անմիջապէս իր տեղը ուրիշ մը կ՛անցնի, իսկ ետեւի արագիլները միշտ կը ձայնեն, որպէսզի առջեւի արագիլները քաջալերուին ու աւելի արագ թռչին:

Երբ արագիլ մը վիրաւորուի, կամ տկարանայ եւ դուրս գայ երամէն, երկու արագիլներ կ՛ուղեկցին անոր դէպի վար, ու երբ գետին հասնին, կը մնան մօտը, մինչեւ որ լաւ զգայ ու իրենց օգնութեամբ կրկին կարենայ թռչիլ:

***

Թռչուններէն ալ սորվելիք ունինք՝ Ա-համադրուած խմբային աշխատանք, ոչ առանձին գլուխ բռնած: Բ- Ղեկավարի հերթափոխութիւն, առանց «ընտրապայքարի»… Գ- տկարին օգնութիւն եւ «Բարձրացիր եւ բարձրացուր»: Թէքէեանի ականջը խօսի:

Յակոբ Միքայէլեան

(Քաղուած օտար գրականութենէ, բնագիրը «Բաց պատուհան» գիրքիս մէջ)