ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ (1878 – 1943)

Հայ մեծանուն գրագիտուհի, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, ազգային-հասարակական գործիչ:

Ծնած է Պոլիս, Սկիւտար 1878-ին: Ուսանած է տեղւոյն Ս. Խաչ վարժարանին մէջ, մէկ տարի աշակերտած է Արշակ Չօպանեանին:

1895-ին մեկնած է Փարիզ, ուր հետեւած է գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն Սորպոնի համալսարանին մէջ:

Ա. Չօպանեան՝ «Հայոց մեծագոյն գրագիտուհի» անուանած է զինք:

Աշխատակցած է Հայկական եւ Ֆրանսական պարբերականներու, հայերէն եւ ֆրանսերէն յօդուածներով:

1915-ի կոտորածներէն հրաշքով կը փրկուի ու կ՛անցնի Պուլկարիա, ապա՝ Կովկաս: 1933-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Երեւան:

1937-ի ստալինեան «մաքրագործումներուն» զոհ կ՛երթայ նաեւ ինք եւ կ՛աքսորուի Սիպերիա, ուր կը մահանայ 1943-ին:

Իր նշանաւոր գործերէն յիշենք.

-Սկիւտարի վերջալոյսները

-Կեղծ հանճարներ

-Շնորհքով մարդիկ

-Աւերակներուն մէջ

-Երբ այլեւս չեն սիրեր

Զապէլ Եսայեան հայ կին գրողներուն մէջ իւրահատուկ տեղ կը գրաւէ: