Դպրոցական յուշեր

Դպրոցը, Ապրիլ 24-ի առթիւ աշակերտական թատերախումբովս կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էի՝ ասմունքով, թատերական պատկերով, խօսքով ու երաժշտութեամբ: Վերջին փորձը աւարտեցինք ու յաջորդ օրուան ելոյթին համար աշակերտներէն խնդրեցի որ սեւ տաբատով ու սեւ կօշիկներով ըլլան բեմին վրայ: Տղաքը միաբերան «չունենք» ըսին. «չունի՞ք, ինչպէ՞ս թէ չունիք». «Պարոն, մենք միայն ճինզ ենք հագնւմ եւ բոթաս, կաշիէ կօշիկ չունենք»: Իսկապէս ներկայ սերունդը ճինզի ու մարզական կօշիկներու սերունդ է Nike, Adidas, Reebok, Puma…: Ու մտքով վերադարձայ մանկութեանս:

ԿՕՇԻԿԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Առաջին դասարանի աշակերտ էի, հաւանաբար 7-8 տարեկան, տարին 1950-1951 ըլլալու էր: Այդ փոքր տարիքիս արդէն երկու իրադարձութիւն արձանագրուած էր կեանքիս պաստառին վրայ, առանց իմ գիտակցութեան, մին՝ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտը 1945-ին, միւսը՝ առաջին հայրենադարձութիւնը 1946-47-ին: Պատերազմի արհաւիրքին թատերաբեմ դարձած եւ անոր ցաւալի հետեւանքները կրած աշխարհն ամբողջ եւ անշուշտ Հալէպն ու հալէպահայութիւնն ալ իրենց բաժին լեղին խմած, կը պայքարէին վերականգնելու եւ բնականոն կեանքի վերադառնալու համար:

Որպէս բնական հետեւանք որեւէ պատերազմի, շատ մը հարուստներ սնանկացան, իսկ միւս կողմէ՝ շատ մը արկածախնդիրներ հարստացան: Ամէն ինչ դժուար ճարուելիք, ամէն ինչ ահաւոր սուղ, եւ այս բոլորին մէջ ամենափնտռուածն ու դժուարամատչելին՝ նորին վսեմութիւն՝ կօշիկները: Այդ օրերուն զոյգ մը կօշիկ ունենալ կը նշանակէր հարուստ ըլլալ,  կամ բախտաւոր ըլլալ ու զոյգ մը կօշիկ նուէր ստանալ:

Այդ տարի, դրամ չունեցող, սակայն բախտաւորուած մէկը դարձաւ մեր դասարանցի համեստ տղեկ մը, որ ազգային որբանոց-պատսպարանէն կու գար: Անշուշտ որբերէն ուսման տարեթոշակ չէր գանձուեր: Տղեկը, իրեն բաժին ինկած կեանքի լուսանցքին վրայ ապրելու իրականութեան գիտակից, իր բախտին անձնատուր, բաւական ինքնաբաւ, նոյնիսկ հարուստ դասընկերներու շրջապատին մէջ, ինքնամփոփ, ինքզինք հեռու կը պահէր ընկերներէն: Սակայն այնքան զուլալ ձայն մը ունէր, որ գոնէ այդ առաւելութեամբ, կրնար միւսներուն ուշադրութիւնը գրաւել: Դաստիարակ ուսուցչուհին զանազան առիթներով զինք կը կեցնէր իրարու մէջ բացուած երկու Ա. կարգի դասարաններուն միջեւ ու երգել կու տար: Որբուկին ձայնը կը լսուէր կողքի դասարաններէն ալ, որովհետեւ յանկարծ լռութիւն կը տիրէր ու բոլոր աշակերտները ականջ կտրած մտիկ կ՛ընէին անոր յուզումնախառն, թաւշային ձայնը:

Կաղանդէն քանի մը օր առաջ էր, յաջորդ օրէն սկսեալ մինչեւ Ծննդեան տօներու աւարտը, արձակուրդ էր: Դաստիարակ ուսուցչուհին կանչեց տղեկն ու կանգնեցուց երկու դասարանները միացնող դրան մէջ ու խնդրեց որ երգէ: Կրկնելու կամ տատամսելու պատճառ չկար, ու տղեկը անմիջապէս սկսաւ երգել: Բոլորս քար կտրած մտիկ կ՛ընէինք ու երանի կու տայինք անոր այդ Աստուածատուր շնորհքին համար: Երգը աւարտեցաւ, ծափահարութիւններով թնդացուցինք դասարանը. ուսուցչուհիին ազդանշանին վրայ լռեցինք ու սպասեցինք թէ ի՞նչ յայտարարութիւն պիտի ընէ տիկինը: Լռութիւնը կատարեալ էր, ուսուցչուհին տղուն դառնալով «Ոտքիդ սանտալները հանէ»,-ըսաւ, որուն յաջորդեցին որբին եւ բոլորիս զարմացական նայուածքները: Չուշացաւ մեր սրտատրոփ սպասումը: Տղան ծռեցաւ, քակեց մաշմշած սանտալները ու սպասեց նոր հրահանգի մը: Տիկին Ադամեան սեղանին դարակէն ծրար մը դուրս բերաւ ու մէջէն զոյգ մը կօշիկ երկարեց տղուն, որ ոտքերուն անցընէ: Տղուն հիացական նայուածքն ու ժպտախառն շփոթանքը աննկարագրելի էին: Յատուկ ներկուած ու փայլեցուած սրճագոյն կօշիկներ էին: Երբ դասարանը հանդարտեցաւ, տիկինը խօսքը տղեկին ուղղելով ըսաւ, որ այդ կօշիկները իրեն տարեկից աշակերտի մը կը պատկանին, որ իր գործածուած կօշիկները սիրով տրամադրած է, քանի ինք արդէն նորը ստացած է: Ըսաւ որ այդ աշակերտին անունը պիտի չյայտնէ, որպէսզի ոչ ոք գիտնայ թէ ով է նուիրատուն, կարեւորն այն է, որ որբուկը կօշիկ ունեցաւ:

Յակոբ Միքայէլեան