Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ բանաստեղծ, արձակագիր:

Անվարան կարելի է ըսել, որ Վեհանոյշը ներկայիս սփիւռքի ամենաակնառու կին գրողն է:

Ծնած է Պէյրութ 1948-ին։ Յաճախած է Հայ Աւետ. եւ Հայկազեան գոլէճը (Այժմ համալսարան): Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համակսարանի փիլիսոփայութեան եւ անգլերէն գրականութեան բաժինները:

1979-ին փոխադրուած է ԱՄՆ եւ հաստատուած Նիու Ճըրզի նահանգը, ուր եւ կ’ապրի ցարդ:

Եղած է Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի երիտասարդ գրողներու՝ «Գարունականներու» առաջիններէն:

Գրել սկսած է պատանի տարիքէն: Իր առաջին բանաստեղծական գիրքը՝ «Կապոյտ Ապրիլ»-ը հրատարակուած է Պէյրութի մէջ յառաջաբանով եւ խմբագրութեամբ հայրենի անուանի գրող Գուրգէն Մահարիի:

1995-ին Երեւանի մէջ պաշտպանած է իր աւարտաճառը եւ ստացած դոկտորականի աստիճան:

Բանաստեղծուհիի հետ իմ բարեկամութիւնս 50 տարիներու անցեալ ունի, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Բանաստեղծուհին յաճախ կ’երեւի դիմատետրին մէջ նոր գրութիւններով:

Իր հեղինակութիւններէն յիշենք մի քանին.

«Կապոյտ Ապրիլ», «Ոստրէ», «Ճեղքուած մանրանկար», «Կիզակէտ», «Նշանագիր», «Տոհմածառ», «Աղօթքներ ուռկանի մէջ» եւ այլք:

Յ.Մ.