Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան

Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան

1905 – 1995

Գրագէտ, բանաստեղծ, լեզուաբան, թարգմանիչ, խմբագիր: Ծնած է Տրապիզոն 1905-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Ապա՝ համալսարանական ուսումը՝ ԱՄՆ-ի Քանզասի համալսարանին մէջ:

Մեծ Եղեռնի օրերուն կը կորսնցնէ ծնողքը. Յոյն բարեկամ բժիշկ մը կը պատսպառէ 4 որբերը: 1916-ին կը փոխադրուի Պաթում, ապա Կրասնոտար: 1918-ի զինադադարէն ետք, կը հասնի Պոլիս, ապա՝ Արմաշ:

1919-ին կ’որոշէ ընկերներուն հետ Հայաստան երթալ, բայց երբ Կարսը կը գրաւուի, ինք եւ իր ընկերները կը մնան թափառական:

1920-ի դարձեալ Պոլիս, կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան: Ուսանած շրջանին կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնը, որ կ’արժանանայ Օշականի եւ Թէքէեանի ուշադրութեանց: 1922-ին կը հասնի ԱՄՆ, ուր կը շարունակէ իր համալսարանական ուսումը:

Իր միակ հայերէնով գրուած բանաստեղծութեանց ժողովածուն՝ «Լոյս Զուարթ»ն է, անկէ ետք կը գրէ անգլերէնով:

Եղեռնի մասին իր յուշերը կը պատմէ “I Ask You Ladies And Gentlemen” («Ձեզի Կը Դիմեմ, Տիկնա՛յք եւ Պարոնա՛յք») վաւերագրական վէպը մեծ հռչակ կը բերէ իրեն:

1958-1969 թթ. գրականութիւն կը դասախօսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ: Սիւրմէլեանի շատ սիրուած մէկ բանաստեղծութիւնը ծառ մը տնկելու մասին է. բանաստեղծութիւնը կ’աւարտի հետեւեալ տողով.

«Մեռելներուս իբրեւ խաչ, ես այս ծառը տնկեցի»:

Յ. Մ.

Ռոպէր Հատտէճեան

Ռոպէր Հատտէճեան

1926 –

Պոլսահայ բաւական անուանի գրողներ ունեցած ենք, (Զահրատ, Զ. Խրախունի, Զ. Պիպէռեան…), որոնց նահապետը կը նկատուի Ռ. Հատտէճեանը:

Գրող, թերթի խմբագիր, հրապարակագիր: Ծնած է Պոլիս (Իսթանպուլ) 1926-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Յաճախած է Պոլսոյ Համալսարանը եւ հետեւած փիլիսոփայութեան ճիւղին:

1967-ին կը ստանձնէ «Մարմարա» թերթի խմբագրութիւնը, որ կը շարունակէ մինչեւ այսօր: 1981-ին Մարմարայի մէջ կը սկսի հրատարակել իր խոհագրութիւնները (Էսսէ) «Յուշատետր խորագրին տակ: Տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր այս յօդուածները տասնեակ գիրքերու մէջ կ՛ամփոփէ: Անոնք մեծ սիրով կ՛ընթերցուին:

1983-ին կը հրատարակէ իր գլուխ գործոցը՝ «Առաստաղ»ը:

Շատ առատ արտադրող եղած է, ունի մեծ թիւով գիրքեր, որոնցմէ յիշենք՝

  • «Կեանքի մը երեք կիրակիները« թատրոն:
  • «Հազար տարի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ»:
  • «Իսթանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան վէպը»:
  • «Առագաստ դէպի բանաստեղծութիւն»:
  • «Քանի մը ծառեր անտառին մէջ»:
  • «Կեանք խմբագրատան մէջ»:
  • «Զրոյց հինցած գրիչի մը հետ»:
  • «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ»:

Պարգեւատրուած է եւ ստացած բազմաթիւ շքանշաններ, որոնցմէ յիշենք՝

ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանը:

«Ֆրիտիոֆ Նանսէնի» անուան ոսկեայ շքանշանը:

Հայաստանի լրագրողներու կողմէ «Ոսկէ գրիչ» շքանշանը:

ՀՀ Նախագահի կողմէ «Մ. Մաշտոց» ոսկեայ ադամանդակուռ շքանշանը:

Ռ. Հատտէճեան 95 տարեկան է ու կը շարունակէ գրել:

Յ. Մ.