«Հետքը կը մնայ»
Հայր մը իր դիւրագրգիռ, ջղային զաւկին դաս մը տալու համար, տոպրակ մը գամ կու տայ անոր ու կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր անգամ ջղայնանալուն, պարտէզի ցանկապատին վրայ գամ մը գամէ: (ավելին …)
Հայր մը իր դիւրագրգիռ, ջղային զաւկին դաս մը տալու համար, տոպրակ մը գամ կու տայ անոր ու կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր անգամ ջղայնանալուն, պարտէզի ցանկապատին վրայ գամ մը գամէ: (ավելին …)
Խանութի մը դրան վրայ ցուցատախտակ մը կախուած էր, որուն վրայ գրուած էր՝ «Ծախու Շնիկներ»: Տղեկ մը մօտեցաւ խանութին տիրոջ եւ հարցուց թէ քանի՞ է շնիկին գինը:
-30-էն 40-ի միջեւ պատասխանեց խանութպանը: Տղեկը ձեռքը գրպանը տարաւ ու դուրս բերաւ ինչ որ կար այդտեղ:
-Մօտս 2 տոլար եւ 37 սէնթ ունիմ,- ըսաւ,- հաճիս, կրնա՞մ նայիլ անոնց: Մարդը ժպտեցաւ ու սուլեց, եւ ահա, ներսէն դուրս վազեցին հինգ շնիկներ, որոնցմէ վերջինը կաղալով կը յառաջանար. տղեկը անմիջապէս մատնացոյց ըրաւ կաղացող շնիկն ու ըսաւ՝- ես այդ շնիկը կ՛ուզեմ գնել: Խանութպանը զարմացաւ տղեկին ընտրութեան վրայ ու ըսաւ՝ — գնելու պէտք չունիս, ես զայն քեզի ձրի կու տամ:
Տղեկը անհանգստացաւ, շեշտակիօրէն մարդուն աչքերուն նայելով ըսաւ՝-Չեմ ուզեր որ զայն ինծի ձրի տաս, այս շնիկը իրաւունք ունի միւսներուն նման իր արժէգինը ունենալ, ինչո՞ւ անարժէք պիտի ըլլայ. ես կ՛ուզեմ լման վճարել. ես հիմա քովս ունեցածը կու տամ եւ կը խոստանամ ամէն շաղաթ 50 սէնթ բերել, մինչեւ պարտքս վերջանայ:
-Տղաս, ան երբեք պիտի չկարենայ վազել, ցատքել, խաղալ քեզի հետ, ինչո՞ւ անպայման զայն կ՛ուզես: Տղեկը ծռեցաւ, տաբատին վարի մասը վեր բարձրացուց ու ցոյց տուաւ իր Խեղուած ոտքը, որ մետաղեայ ձողերով բռնուած էր ու նայելով խանութպանին մեղմ ձայնով ըսաւ՝- ես ալ լաւ չեմ կրնար վազել ու ցատքել, այս շնիկը պէտք ունի մէկուն, որ իր վիճակէն լաւ կը հասկնայ…
* * *
Երբեմն մենք ալ որոշ մարմնական թերութիւններ ունեցող մարդոց, տարբեր աչքով կը նայինք, ճի՞շդ կ՛ընենք: Տղեկը լաւ դաս մը տուաւ:
Յակոբ Միքայէլեան
(Բնագիրը՝ «Բաց պատուհան» գիրքիս մէջ)
Տարիներ առաջ, ԱՄՆ-ի Սիէթըլ քաղաքին մէջ, Իւրայատուկ Ողիմպիական խաղերուն 9 մրցորդներ, 8-9 տարեկան, բոլորն ալ թերաճ՝ մարմնական, թէ մտային թերութիւններ ունեցող, շարուած էին դաշտին մէջ 100 մեթր վազգին մասնակցելու համար: Պարզ է, որ անոնցմէ ակնկալուածը իսկական վազք չէր, այլ յատուկ ճիգով մը այդ տարածութիւնը կտրելն էր, եւ աւարտին հասնող առաջին երեխան յաղթական պիտի հռչակուէր եւ պարգեւատրուէր: Կարեւորը՝ կէս ճամբան չմնալն էր, այլ անպայման տեղ հասնիլը: (ավելին …)
Այս տարի Ապրիլ 24-ը տարբեր էր: Տարբեր էր, որովհետեւ ԱՄՆ-ի նախագահը խոստացեր էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ իսկապէս ալ խոստումը յարգեց, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ հայկական կոտորածները որակելով «Ցեղասպանութիւն». ոչ նախկին չորս նախագահներուն նման, որոնք խոստացան, բայց չյարգեցին:
Թէ ինչ պիտի հետեւի այս ճանաչողութեան, բարին կը յուսանք եւ կը սպասենք:
Հայ ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է աշխարհի ամէն կողմ, սակայն այս ուրախ տրամադրութեան մէջ յանկարծ չմոռնանք մեր յարգանքի եւ խոնարհումի տուրքը մատուցանել մեր նահատակուած եւ սրբագործուած անմեղ զոհերու յիշատակին, եւ յատկապէս մեր մտաւորական սերուցքին, որոնք հարիւրներով Գողգոթայ ճանապարհը բռնեցին Ապրիլ 24-ի գիշերը: Թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը իր իսկ օրրանին մէջ եւ ատոր համար ալ անհրաժեշտ էր «գլխատել» զայն, մահուան գիրկի ուղարկելով անոր ղեկավար տարրը:
Գրողներ, թերթերու խմբագիրներ, արուեստագէտներ, դպրոցներու տնօրէններ, բժիշկներ… մօտ 700 ընտրեալ մտաւորականներ ձերբակալուեցան եւ սպանուեցան ամենադաժան եւ ամենավայրագ, թրքավայել ձեւերով եւ միջոցներով:
Մեծ իրաւաբան, նորավէպի իշխան Գրիգոր Զոհրապին գլուխը ջարդեցին հսկայ քարով մը, երբ այդ գլուխը արժանի էր զարդարուելու դափնեպսակով: Դանիէլ Վարուժանին մարմինը յօշօտեցին: Սիամանթօն, Թլկատինցին, Ռ. Սեւակը, Ռ. Զարդարեանը- Երուխանը, Տ. Չէօկիւրեանը, Տ. Քելէկեանը… Կոմիտաս, որուն երաժշտական հանճարը ծանօթ էր եւ գնահատուած օտարներու կողմէ, փրկուեցաւ անոնց միջամտութեամբ, սակայն կորսնցուց իր մտային հաւասարակշռութիւնը եւ մինչեւ իր վախճանումը՝ քսան տարի մնաց Փարիզի հոգեբուժարանի մը մէջ:
Յարգանք անոնց յիշատակին: Հայ դպրոցական աշակերտն ու համալսարանական ուսանողը պարտի միշտ յիշել մեր նահատակները եւ աշխատիլ յանուն արդարութեան իր լուման դնել հայ դատի գանձանակին մէջ:
Յ. Մ.